Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Եր­կու­շաբ­թի՝ 7 Սեպ­տեմ­բեր 2015ին, կէ­սօ­րէ ա­ռաջ ժա­մը 11:00ին, «Է­րե­բու­նի փլա­զա» պան­դո­կի «Է­րե­բու­նի» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 11րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը` ներ­կա­յու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ւե­տիս ­Պէր­պէ­րեա­նի, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նուշ ­Յա­կո­բեա­նի, մարմ­նակր­թու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խա­րար ­Գաբ­րիէլ ­Ղա­զա­րեա­նի, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ­Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­ծի­նի Ք­րիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն ­Վար­դան Եպս. ­Նա­ւա­սար­դեա­նի, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ ­Մար­գա­րեա­նի, «­Փիւ­նիկ» հիմ­նադ­րա­մի պա­տո­ւոյ նա­խա­գահ ­Գաբ­րիէլ ­Չեմ­պեր­ճեա­նի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ ­Հայ մշա­կու­թա­յին «Ա­րա­րատ» կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Ե­րե­ւան հա­սած Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշ­խար­հասփիւռ ըն­տա­նի­քի 104 ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն: ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քը փո­խան­ցեց նա­խա­գա­հի օգ­նա­կան Ա­ւե­տիս ­Պէր­պէ­րեան, որ շեշ­տը դրաւ միու­թեան նշա­նա­բա­նին` «­Բարձ­րա­ցիր-Բարձ­րա­ցուր»ին հե­տե­ւե­լով ի­րա­գոր­ծո­ւող նո­ւա­ճում­նե­րուն վրայ:

Ա­մե­նայն հա­յոց ­Գա­րե­գին  Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի  օրհ­նու­թեան  խօս­քը  փո­խան­ցեց ­Մայր Ա­թոռ Ս.  Էջ­միա­ծի­նի Ք­րիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան  կեդ­րո­նի տնօ­րէն ­Վար­դան Եպս. ­Նա­ւա­սար­դեան: Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նադը­պիր ­Կար­պիս ­Գա­պա­սա­գա­լեան կար­դաց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեան գի­րը, ուր շեշ­տը դրո­ւած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի ա­ռա­քե­լու­թեան եւ յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րուն վրայ:

Հ.Մ.Ը.Մ-ՀԱՍԿի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Հ­րաչ Շ­մա­ւո­նեան ող­ջու­նեց մաս­նա­կից­նե­րը մայր հայ­րե­նի­քի մէջ` նշե­լով, որ ա­սի­կա 4րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղովն է, որ կը գու­մա­րո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի մէջ` շեշ­տե­լով Հ.Մ.Ը.Մ.ի կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նին: Ա­պա, ան Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿի «Ոս­կիէ ­Շու­շա­նա­ծա­ղիկ» շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րեց Օ­շին ­Փի­րու­մեա­նը` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի նկատ­մամբ իր ցու­ցա­բե­րած տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան հա­մար:

­Ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նեց սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նուշ ­Յա­կո­բեան, որ կա­րե­ւոր նկա­տե­լով եւ բարձր գնա­հա­տե­լով Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը` շեշ­տեց, որ այս միու­թիւ­նը հայ ա­նու­նը դա­ջած է իր ճա­կա­տին: Անդ­րա­դառ­նա­լով Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոր­ծու­նէու­թեան եւ ա­ռա­քե­լու­թեան` նա­խա­րար Հ. ­Յա­կո­բեան ընդգ­ծեց, որ միաս­նա­կա­նու­թեամբ անհ­րա­ժեշտ է կա­ռու­ցել մեր հայ­րե­նի­քը:

Ա­պա Հ­րա­նուշ ­Յա­կո­բեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեա­նը պար­գե­ւատ­րեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի «Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան» մե­տա­լով:

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի խօս­քը փո­խան­ցեց ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ ­Մար­գա­րեան, որ լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ու­ղե­կից միու­թիւն ըլ­լա­լու գա­ղա­փարն ու այլ հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րու մէջ եւս ա­նոր աշ­խա­տան­քի ծի­րը ընդ­լայ­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեան ող­ջու­նեց հիւ­րերն ու ներ­կա­նե­րը` անդ­րա­դառ­նա­լով Հ.Մ.Ը.Մ.ի վեր­ջին քա­ռա­մեա­կին դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ թէ՛ սփիւռ­քի տա­րած­քին: Ան նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. կրկին ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ է` իր շուրջ հա­մախմ­բե­լով Եւ­րո­պա­յի զար­գա­ցող հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րը: Ա­պա, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ար­ժա­նեաց» շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րեց Աբ­րա­համ Ա­հա­րո­նեա­նը` ­Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի շրջա­նէն, իսկ «Ար­տա­կարգ» պա­տո­ւան­շա­նով պար­գե­ւատ­րեց ­Գաբ­րիէլ ­Չեմ­պեր­ճեա­նը` միու­թեան նկատ­մամբ իր ցու­ցա­բե­րած ան­սա­կարկ ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար: ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 11րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը իր աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կէ մին­չեւ 12 Սեպ­տեմ­բեր` Ա­ղո­ւե­րա­նի մէջ: