Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան Եր­կու­շաբ­թի ­Մոս­կո­ւա կա­տա­րած աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին իր ռուս գոր­ծըն­կեր Վ­լա­տի­միր ­Փու­թի­նի հետ քննար­կեց զա­նա­զան հար­ցեր՝ ինչ­պէս ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը, ու­ժա­նիւ­թի սա­կա­գի­նե­րը, ապ­րան­քաշր­ջա­նա­ռու­թիւ­նը եւ այլ հար­ցեր:

«­Կը ցան­կա­նա­յի շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել ­Ռու­սաս­տա­նին, ան­ձամբ ձեզ՝ ­Ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ու­ղի­նե­րի ո­րոն­ման ուղ­ղու­թեամբ ջան­քե­րի հա­մար»,- ը­սաւ ­Սարգ­սեա­ն ­Փու­թի­նին՝ ըստ նա­խա­գա­հի մա­մու­լի գրա­սե­նեա­կին:

«­Վեր­ջին եր­կու շա­բաթ­նե­րին սահ­մա­նում շատ լա­րո­ւած է։ Ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը բա­ցի խո­շոր տրա­մա­չա­փի հրա­զէ­նից, կի­րա­ռում է հրե­տա­նա­յին զէնք։ Ի­հար­կէ, մենք ստի­պո­ւած ենք պա­տաս­խան տալ»:

­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ու­ժա­նիւ­թի սա­կա­գի­նե­րուն ա­ռն­չո­ւող հար­ցե­րուն: ­Յու­նի­սին բազ­մա­հա­զար հա­յեր կը բո­ղո­քէին՝ պա­հան­ջե­լով չե­ղեալ յայ­տա­րա­րել վեր­ջին ե­րեք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­ժա­նիւ­թի սա­կա­գի­նե­րու եր­րորդ բարձ­րաց­ման մա­սին ո­րո­շու­մը: «Այս ճգնա­ժա­մա­յին ի­րա­վի­ճա­կում ար­տար­ժոյ­թի կուր­սի տա­տա­նում­նե­րը պար­զա­պէս շատ բա­ցա­սա­կան են անդ­րա­դառ­նում սա­կա­գի­նե­րի վրայ, եւ ես լիա­յոյս եմ, որ մենք նոր լու­ծում­ներ կը գտնենք՝ լաւ լու­ծում­ներ»,- ը­սաւ ­Սարգ­սեան:

Եր­կու­շաբ­թի օր՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Ռու­սաս­տա­նի ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պայ­մա­նա­գիր, ո­րը թոյլ կու­տայ կա­զի գի­նը 25 Ա.Մ.Ն. տո­լա­րով նո­ւա­զեց­նելու՝ հասց­նե­լով մին­չեւ 165 տո­լա­րի:

­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան նշեց, որ ­Հա­յաս­տա­նի 200 մի­լիոն տո­լար ար­տօ­նեալ վարկ տրա­մադ­րե­լու հա­մա­ձայ­նա­գի­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու­տայ «թար­մաց­նե­լու հայ­կա­կան զի­նո­ւած ու­ժե­րի զի­նա­նո­ցը»: Իր խօս­քով՝ ­Ռու­սիոյ նա­խա­գահ ­Փու­թին, մաս­նա­ւո­րա­պէս, նշեց, որ 2015 թ. ա­ռա­ջին վեց ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րո­ւած է ­Ռու­սաս­տա­նի հետ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռեւտը­րաշր­ջա­նա­ռու­թեան նո­ւա­զում: «­Հա­ճե­լի է, որ ­Ռու­սաս­տա­նը կը մնայ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջա­տար տնտե­սա­կան գոր­ծըն­կե­րը: Հա­մե­մա­տած 2013 թո­ւա­կա­նի հետ, ան­ցած տա­րի զգա­լիօ­րէն ա­ճած է մեր ապ­րան­քաշր­ջա­նա­ռու­թիւ­նը, բայց, ցա­ւօք, ըն­թա­ցիկ տա­րո­ւայ ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կին տե­ղի ու­նե­ցած է փո­փո­խու­թիւն դէ­պի նո­ւա­զում»,- ը­սաւ ­Փու­թին: