Print
Category: Հայաստան-Արցախ

4 Սեպ­տեմ­բե­րին Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կոս Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի մէջ ըն­դու­նած է 11 Օ­գոս­տո­սին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան հա­տո­ւա­ծի զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն ուղ­ղու­թեամբ հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ կա­տա­րո­ւած հե­տա­խու­զա­կան-ներ­թա­փանց­ման փոր­ձին իբ­րեւ հե­տե­ւանք վի­րա­ւո­րո­ւած զի­նո­ւոր, հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր Յով­հան­նէս Սար­կա­ւագ Գալս­տեա­նը:

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Կա­թո­ղի­կո­սը իր օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցած է Յով­հան­նէս Սրկ. Գալս­տեա­նին՝ շու­տա­փոյթ ա­պա­քի­նում մաղ­թե­լով ա­նոր: Կա­թո­ղի­կո­սը նաեւ գո­հու­նա­կու­թեամբ ող­ջու­նած է Յով­հան­նէս Սար­կա­ւա­գին ո­րո­շու­մը՝ շա­րու­նա­կե­լու իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը հա­յոց բա­նա­կին եւ հայ­րե­նի­քին:

Ներ­կա­յիս հա­յոց բա­նա­կի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դու­թեան կազ­մին մէջ Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տար­բեր զօ­րա­մա­սե­րուն մէջ ի­րենց ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը կա­տա­րեն 52 ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ: