Պատուիրակութիւնը այցելած է առաջնագիծ
Հանդիպում` Արցախի պետական համալսարանին մէջ
Ֆրանսայի խորհրդարանի Ընկերվարական Խմբակցութեան անդամները Ուրբաթ՝ 4 Սեպտեմբերին այցելած են Արցախի պետական համալսարան, ծաղիկներ զետեղած են Արցախեան պատերազմի ընթացքին նահատակուած ազատամարտիկներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, որմէ ետք հանդիպում ունեցած են Արցախի պետական համալսարանի ֆրանսախօս ուսանողներու եւ դասախօսական անձնակազմին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեան եւ Կիրօ Մանոյեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէէն Դաւիթ Իշխանեան եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Վահրամ Բալայեան։
Արցախի պետական համալսարանի նախագահ Մանուշ Մինասեան հակիրճ կերպով ներկայացուցած է համալսարանին գործունէութիւնը, յառաջիկայ ծրագիրները, որմէ ետք ուսանողները հանդէս եկած են հարցադրումներով, մասնաւորապէս` երկկողմանի կապերու ամրապնդման, հաւանական միջ-համալսարանական յարաբերութիւններու ստեղծման վերաբերեալ:
Լը Ռու.- «Արցախցիներուն մէջ ամէնէն շատը սիրեցի ազատութեան ձգտումը»
Ուրբաթ՝ 4 Սեպտեմբերին, Ֆրանսայի խորհրդարանի Ընկերվարական Խմբակցութեան անդամները Ստեփանակերտի «Շարլ Ազնաւուրի անուան կեդրոն»ին մէջ, հանդիպում ունեցած են Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական կառոյցի եւ Արցախի երիտասարդական այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին նոյնպէս ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեան եւ Կիրօ Մանոյեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան պատգամաւոր Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Ձեռնարկին սկիզբը, Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան կողմէ Արցախի մէջ կազմակերպուած ամառնային ճամբարին պատանիները հանդէս եկած են գեղարուեստական յայտագիրով:
Ֆրանսայի Խորհրդարանի Ընկերվարական Խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ Լը Ռու, շնորհակալութիւն յայտնելով պատանիներուն եւ Հ.Յ.Դ. «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան, նշած է, որ յառաջիկայ ամառուընէ սկսեալ անոնք եւ «Նոր Սերունդ»ակաները պիտի համագործակցին եւ վերջինները պիտի ունենան ֆինանսական աջակցութիւն:
«Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք այսօր բեմի վրայ էին եւ այն կարելիութեան համար, որ մենք այսօր միասին կրնանք կիսել այն հպարտութիւնը, որ դուք բոլորդ ունիք ձեր երկրին նկատմամբ»,- ըսած է Պրունօ Լը Ռու:
Պրունօ Լը Ռու կարեւոր նկատած է այն համագործակցութիւնը, որ գոյութիւն ունի Հ.Յ.Դ. կուսակցութեան հետ եւ նշած, որ միշտ պէտք է տարբերութիւն դնել ժողովրդավարութիւնն ու խաղաղութիւնը յարգող եւ, ընդհակառակը, ժողովրդավարութիւնն ու խաղաղութիւնը ոտնակոխող երկիրներուն միջեւ:
«Պէտք է այնպէս մը ընել, որ սթաթիս քոն փոխուի դէպի խաղաղութիւն եւ այդ է պատճառը, որ մենք եկանք այստեղ, որպէսզի հասկնանք եւ քննարկենք իրավիճակը»,- ըսած է Լը Ռու:
Արցախի երիտասարդական կառոյցներու ներկայացուցիչները ուղղած են իրենց հարցումները:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ե՞րբ Ֆրանսա պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, Պրունօ Լը Ռուն պատասխանած է, որ միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Հայաստան միասին պէտք է գան այդ յայտարարին:
Մամլոյ ասուլիս` Պրունօ Լը Ռուի գլխաւորութեամբ
Հ.Յ.Դ. նախաձեռնութեամբ Արցախի մէջ գտնուող Ֆրանսայի Խորհրդարանի Ընկերվարական Խմբակցութեան անդամները, խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ Լը Ռուի գլխաւորութեամբ, Ուրբաթ՝ 4 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցան Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
«Արմենիա» պանդոկի նիստերու դահլիճին մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին նաեւ ֆրանսական պատուիրակութեան ընկերակցող Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամները, Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ եւ «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան պատգամաւորներ:
Մամլոյ ասուլիսի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դ. Իշխանեան, որ ներկաներուն տեղեկացուց, թէ Ֆրանսայի պատուիրակութեան այցելութեան կազմակերպումը նպատակ ունի անոնց ծանօթացնելու Արցախի ներքին կեանքին, ինչպէս նաեւ մօտէն անդրադառնալու Արցախեան Հարցին:
Ուստի պատահական չէ, որ ասուլիսէն ժամեր առաջ պատուիրակութիւնը այցելած էր առաջնագիծ եւ ծանօթացած սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին:
Դ. Իշխանեան կարեւոր նկատած է նման այցելութիւններու կազմակերպումը եւ յոյս յայտնած, որ այդ մէկը կ՛ունենայ շարունակական բնոյթ:
Ասուլիսին ընթացքին Պրունօ Լը Ռուն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հ.Յ. Դաշնակցութեան կառոյցին` հետաքրքրական ու բովանդակալից այցելութեան կազմակերպումին համար` նշելով, որ նման այցելութիւններ կ՛օգնեն ճանչնալու Արցախը: «Մենք Արցախ եկանք 3 Սեպտեմբերին` Արցախի անկախութեան հռչակման յաջորդ օրը: Ես գիտեմ, որ անկախութիւնը շատ սուղ է իւրաքանչիւր արցախցիի համար: Ես հասկցայ, որ ժողովուրդը կը փայփայէ իր անկախութիւնը:
Անոր համար ալ շատ կարեւոր էր առաջնագիծ մեր այցելութիւնը: Մենք անձամբ ծանօթացանք իրավիճակին: Պէտք է նախաձեռնողականութիւն ցոյց տալ եւ ընթանալ դէպի խաղաղութիւն: Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակը պէտք է այս հարցին մէջ լուծման ուղիներ փնտռէ: Ֆրանսա եւս այդ ուղղութեամբ ջանքեր պիտի չխնայէ»,- նշեց ան:
Հանդիպումին ընթացքին լրագրողները զիրենք յուզող հարցերը ուղղեցին պատուիրակութեան ղեկավարին:
Հարցումները կը վերաբերէին Անգարա-Փարիզ յարաբերութիւններուն, Ղարաբաղեան Տագնապի լուծման, Արցախ-Ֆրանսա յարաբերութիւններու սերտացման եւ այլն:
«Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է միշտ առաջնորդուին ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան սկզբունքներով: Այդ երկուքը ամէն ինչէ զօրաւոր են եւ ի վերջոյ միշտ կը յաղթեն»,- շեշտեց Պ. Լը Ռու:
Յարգանքի տուրք` Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ
Արցախ գտնուող Ֆրանսայի խորհըրդարանի Ընկերվարական Խմբակցութեան անդամները, խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ Լը Ռուի գլխաւորութեամբ, եւ ֆրանսական պատուիրակութիւնը հիւրընկալող Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ու Արցախի Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, Շաբաթ առաւօտեան այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ զետեղեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմին եւ Արցախեան Պատերազմին նահատակուած ազատամարտիկներու յուշարձանին:
Այնուհետեւ անոնք այցելեցին Արցախի խորհրդանիշ հանդիսացող «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձան, ուր անոնց ներկայացուեցան յուշարձանին կերտման պատմութիւնն ու խորհուրդը: