Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տա­րա­ծած է հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ո­րուն մէջ կ­՛ը­սո­ւի.- «Ա­ռաջ­նա­յին գի­ծի վրայ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նո­ւո­րա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւող սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն յա­ճա­խա­կա­նու­թիւ­նը եւ այդ ըն­թաց­քին կի­րար­կո­ւող զի­նա­ տե­սակ­նե­րու քա­նա­կա­կան ու ո­րա­կա­կան ա­ճի աշ­խու­ժու­թիւ­նը կը փաս­տէ, որ ­Պա­քուն, յան­ձինս իր ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան, որ­դեգ­րած է ի­րա­վի­ճա­կը պա­տե­րազ­մա­կա­նին մօ­տեց­նե­լու յան­ցա­ւոր մար­տա­վա­րու­թիւն»:

«­Վեր­ջին շրջա­նին հա­կա­մարտ զօր­քե­րու շփման գօ­տիին վրայ տեղ գտնող զար­գա­ցում­ներն ու ա­նոնց զու­գա­հեռ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ռազ­մա­շունչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ը­սո­ւա­ծին վկա­յու­թիւնն են:

Այ­սօր ար­դէն Ատր­պէյ­ճա­նը ոչ թէ - ինչ­պէս նա­խա­պէս էր - սե­փա­կան քա­րոզ­չու­թեամբ կը փոր­ձէ իր իսկ կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւող նա­խա­յար­ձակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը մա­տու­ցել իբ­րեւ հայ­կա­կան կող­մին ուղ­ղո­ւած պա­տաս­խան քայ­լեր, այլ տար­բեր տրա­մա­չա­փի հրե­տա­նա­յին, հե­ռա­հար հրթի­ռահ­րե­տա­նա­յին եւ հրաձ­գա­յին զէն­քե­րէ` հայ­կա­կան դիր­քե­րու ուղ­ղու­թեամբ պար­բե­րա­բար ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ար­կա­կո­ծում­ներն ու գնդա­կո­ծում­նե­րը բա­ցա­յայտ լկտիու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նէ միայն իր զի­նո­ւո­րա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ցու­ցադ­րե­լու մար­տա­վա­րա­կան ու ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան մտայը­ղաց­ման ի­րա­գոր­ծում»,- ը­սո­ւած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:

­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը նա­խազ­գու­շաց­նէ, որ «Ատըր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ որ­դեգրո­ւած այ­դօ­րի­նակ գոր­ծե­լաո­ճը ոչ միայն պատ­ճառ կը դառ­նայ չար­դա­րա­ցո­ւած ու ան­դառ­նա­լի կո­րուստ­նե­րու, այլ դէպ­քե­րու նման զար­գաց­ման շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան խո­րա­ցու­մը հա­ւա­նա­կան է, որ յան­գեց­նէ ան­կան­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­նե­րու»: «­Մեկ­նե­լով վե­րոն­շեա­լէն` Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ ինչ­պէս Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան, այն­պէս ալ ­Ղա­րա­բաղ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման հար­ցով զբա­ղող մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն, յատ­կա­պէս` Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խըմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն, որ հա­կա­մարտ զօր­քե­րու շփման գի­ծին վրայ տեղ գտնող հե­տա­գայ սրա­ցում­նե­րուն եւ ա­նոնց­մէ բխող հե­տե­ւանք­նե­րուն ամ­բողջ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը կը կրէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը»,- ը­սո­ւած է ­նա­խա­րա­րու­թեան տա­րա­ծած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: