Փրոֆ. Եւկենի Ճելենեւ կը յայտնէ, որ «Անիի մայր տաճարը կարելի է համեմատել միայն Փեթերզպուրկի Իսահակի տաճարին հետ»
Սան Փեթերզպուրկի պետական համալսարանի Արեւելեան կաճառի տնօրէն, փրոֆ.Եւկենի Ճելենեւ կը յայտնէ, որ «Անիի մայր տաճարը կարելի է համեմատել միայն Փեթերզպուրկի Իսահակի տաճարին հետ»։ Գիտնականը վերջերս համալսարանի գիտարշաւի կազմով եղած է Անիի մէջ։
«Իբրեւ արեւելագէտ կ'ուզէի տեսնել՝ ինչպէ՞ս այս հողերու ներկայ բնակիչները կը վերաբերին այլոց պատմական անցեալին հետ։ Ինծի համար կարեւոր էր, թէ ինչպէ՞ս պահպանուած եւ ինչպիսի վերաբերմունքի արժանացած են մշակութային կոթողները, որոնք սրբութիւն են նախապէս այստեղ ապրած մարդոց սերունդներուն համար», կը նշէ Եւկենի Ճելենեւ։
Սան-Փեթերզպուրկի պետական համալսարանի արշաւախումբի անդամները 15-21 Սեպտեմբերին իւրայատուկ հայոց մայրաքաղաքներու շրջապատոյտ կատարած են այցելելով Երեւան, Վան, Անի, Կարս եւ բարձրացած են Արարատ լեռ։ Իսկ 26 Հոկտեմբերին իրենց տպաւորութիւնները յայտնած են «Սան Փեթերզպուրկ» պատկերասփիւռի կայանին հետ՝ ընդգծելով այցելուած տարածաշրջանի գիտական նշանակութիւնը։
«Բացառիկ իրավիճակ է, մշակութային առումով Հայաստանի հետ միասնական տարածք մը, որ հայկական մշակոյթի, քաղաքակրթութեան բնօրրանն է, ժամանակի ընթացքին անցած է Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ։ Այսօր ալ այդտեղ գոյութիւն ունի եկւոր ցեղային խմբաւորում՝ քիւրտերը։ Համապարփակ աշխարհի ընկալումը կը սկսի այսպիսի տարածաշրջաններու ուսումնասիրութենէն։ Արեւմտեան Հայաստանին համարժէք վայր կը համարէմ Երուսաղէմը, որ միշտ ալ եղած է ոչ թէ մէկ ժողովուրդի, այլ բազմաթիւ մարդոց սեփականութիւնը», ըսած է Ճելենեւը։
«Փեթերզպուրկեան պատկերասփիւռ» հաղորդումին ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ արշաւախումբին ուղեկցած նկարիչներուն նկարները։ Այդ նիւթի հիման վրայ 15-20 րոպէանոց տեսանիւթեր պիտի պատրաստուին, որոնց հանդէպ մէկ շարք ալիքներ արդէն հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են։ Գիտնականները յոյսով են, որ տեսանիւթները եւս պիտի նպաստեն յուշարձաններու պահպանութեան խնդիրի վրայ ուշադրութեան սեւեռման։
«Պիտի ուզէինք համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Արեւմտեան Հայաստանի յուշարձաններու վերականգնման անհրաժեշտութեան վրայ։ Ցաւօք, այն ինչ տեսաք եւ յատկապէս Անիի միջնաբերդը, չափազանց խարխուլ վիճակի մէջ են։ Այս կողողներու հանդէպ աւելի մեծ ուշադրութիւն անհրաժեշտ է, որովհետեւ ատիկա քաղաքակրթութեան ժառանգութիւն է, որ պէտք է պահպանուի», ըսած է Սան Փեթերզպուրկի պետական համալսարանի արեւելեան կաճառէն Տիգրան Պալայեան։
Իրենց աշխատանքի հանդէպ Թուրքիոյ հնարաւոր միանշանակ արձագանգի մասին հարցումի մը արշաւախումբի ղեկավարը կը պատասխանէ. «Պատմութեան որոշ էջերու մասին լռելը աւելի շատ խնդիրներ կը ստեղծէ։ Անկեղծ զրոյցը, գուցէ երբեմն ոչ այնքան հաճելի, շատ աւելի լաւ է, քան լռեցնելը», ըսած է Սան Փեթերզպուրկի պետական համալսարանի տնօրէնի խորհրդական փրոֆ.Ալեքսէյ Օպրազցով։
20-րդ դարի սկիզբէն ի վեր Արեւմտեան Հայաստան այցելած ռուսական առաջին գիտարշաւի ղեկավարը յոյս կը յայտնէ, որ այսպիսի նախաձեռնութիւնները աւելի յաճախակի պիտի դառնան։