Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«­Շանթ-2015» ռազ­մա­վա­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րաշ­տա­պա­յին զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րու նպա­տակն է ստու­գել պե­տու­թեան պատ­րաս­տա­կա­նու­թիւ­նը մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու կամ պա­տե­րազ­մի վերսկս­ման պա­րա­գա­յին, ղե­կա­վար­ման հա­մա­կար­գի ու­նա­կու­թիւ­նը եւ պատ­րաս­տա­կա­նու­թիւ­նը պե­տու­թիւ­նը ռազ­մա­կան դրու­թեան ժա­մա­նակ ղե­կա­վա­րե­լու, նաեւ մար­զելու ղե­կա­վար կազ­մը: Լ­րագ­րող­նե­րուն հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ ը­սած է Հ.Հ. Զ.ՈՒ. Գ.Շ. պե­տի տե­ղա­կալ, զօ­րա­վար-հա­րիւ­րա­պետ Մով­սէս Յա­կո­բեան:

Ա­նոր խօս­քով՝ զօ­րա­վա­րա­ժու­թիւն­նե­րու նպա­տակն է նաեւ Հա­յաս­տա­նը բե­րել բարձր աս­տի­ճա­նի մար­տա­կան պատ­րաս­տա­կա­նու­թեան, հա­մա­պա­տաս­պան մի­ջոց­ներ ի­րա­կա­նաց­նել պե­տու­թիւ­նը լրիւ աս­տի­ճա­նի պատ­րաս­տա­կա­նու­թեան բե­րե­լու հա­մար: Զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով, ըստ ա­նոր, պէտք է ստու­գել նաեւ տնտե­սու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը պե­տու­թիւ­նը ռազ­մա­կան դրու­թեան բե­րե­լու ժա­մա­նակ, ստու­գել պե­տու­թեան պա­հուստ­նե­րը ռազ­մա­կան դրու­թեան ժա­մա­նակ:

Մ. Յա­կո­բեա­նի խօս­քով՝ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րուն ընդգր­կո­ւած են պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման բո­լոր մար­մին­ներն ու գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րը: Ըստ ա­նոր, նման տա­րո­ղու­թեամբ զօ­րա­վար­ժու­թիւն ա­ռա­ջին ան­գամ տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ, երբ ընդգր­կո­ւած են հան­րա­պե­տու­թեան բո­լոր գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րը:

Զօ­րա­վա­րին գնա­հատ­մամբ՝ պե­տա­կան մար­մին­նե­րը լաւ պատ­րաս­տո­ւած են պա­տե­րազ­մա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ ա­րագ, ի­րա­վի­ճա­կէն բխող ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նե­լու հար­ցով:  Մ. Յա­կո­բեան միա­ժա­մա­նակ նշած է, որ Հե­տա­գա­յին պի­տի ամ­փո­փեն զօ­րա­վար­ժու­թեան ար­դիւնք­նե­րը, գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րը հա­մա­պա­տաս­խան յանձ­նա­րա­րա­կան­ներ կը ստա­նան:

«­Բո­լոր ներ­մու­ծա­կան­նե­րի վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում­ներ կա­յաց­ւում են եւ զե­կուց­ւում զօ­րա­վար­ժու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան ո­լոր­տի ղե­կա­վա­րի տե­ղա­կա­լին: Ո­րոշ ներ­մու­ծա­կան­ներ նաեւ պրակ­տիկ (գործ­նա­կան) պէտք է ի­րա­կա­նա­ցո­ւեն: Բո­լոր նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը ստա­նա­լու են գնա­հա­տա­կան»,- ը­սած  է Մով­սէս Յա­կո­բեան:

Յի­շեց­նենք, որ Սեպտմ­բեր 3-6 Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ տե­ղի կ­՛ու­նե­նան «­Շանթ-2015» ռազ­մա­վա­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րաշ­տա­պա­յին զօ­րա­վար­ժու­թիւն­ներ:

Զօ­րա­վար­ժու­թիւ­նը նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած է պաշտ­պա­նու­թեան պե­տու­թեան ան­մի­ջա­կան նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան եւ յար­ձակ­ման  յետմղ­ման ըն­թաց­քին պե­տա­կան եւ ռազ­մա­կան կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու զօ­րա­հա­ւա­քա­յին նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան, պատ­րաս­տա­կա­նու­թեան բարձր աս­տի­ճան­նե­րու բեր­ման ու­նա­կու­թեան վերս­տուգ­ման, փոխ-­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ներ­դաշ­նա­կու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման: