Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 24րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներուն. այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուու թեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան երեկոյեան, մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, տիկին Ռիթա Սարգսեանի հետ ներկայ գտնուած է Վերածնունդի հրապարակին վրայ` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ հայկական երկու պետութիւններու անկախութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած սուրբ նահատակներու Ճուզեփփէ Վերտիի «Ռեքվիեմ» ստեղծագործութեան արցախեան առաջին ելոյթին:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 24ամեակի տօնական նախաձեռնութիւնները Արցախի մէջ ընթացք առած են կանուխ առաւօտեան: Ստեփանակերտի փողոցներուն մէջ պաշտպանութեան բանակի զինուորականները տողանցք կատարած են:
Մարդիկ ուղղուած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղուած են յաղթանակը խորհրդանշող յուշաքարի պատուանդանին առջեւ: Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի, Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, վարչապետ Արա Յարութիւնեանի, Արցախի ու Հայաստանի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն հետիոտն ուղղուած են յուշահամալիր: Հայկական երկու պետութիւններու բարձագոյն ղեկավարները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղած են քաղաքային յուշահամալիրին մէջ եւ անոր կից գտնուող Արցախեան Ազատամարտին ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն վրայ: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է պաշտպանութեան բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր տողանցք: