Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահներ Բակօ Սահակեան եւ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 2ին մասնակցած են Ստեփանակերտի մէջ «Թումօ» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Լ.Ղ.Հ. նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը։
Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ նման կեդրոնի գործունէութիւնը նոր որակ պիտի հաղորդէ Արցախի մէջ երիտասարդներու մտաւոր ներուժի զարգացման եւ ժամանակակից ճարտարագիտութիւններու կիրառման գործընթացին: Արցախի նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, «Սիմոնեան» հիմնադրամին եւ «Ղարաբաղ Տելեկոմ» ընկերութեան հայրենանուէր այս նախաձեռնութիւնը իրականացնելու համար` նշելով, որ ատիկա Լ.Ղ.Հանրապետութեան մէջ մարդկային դրամագլուխի զարգացման գործի լաւագոյն ներդրումներէն է: Կեդրոնին մէջ շրջայցի ժամանակ նախագահները ծանօթացած են կրթական այս հաստատութեան պայմաններուն եւ ուսուցման ծրագրին: Ըստ պատասխանատուներու, ծրագիրը հասանելի պիտի ըլլայ աւելի քան 500 ուսանողի, որոնցմէ իւրաքանչիւրը «Թումօ»ի մէջ շաբաթական երկու օր պիտի սորվի կեդրոնի չորս հիմնական ոլորտներու` անիմացիայի, ֆիլմերու ստեղծման, կայքերու մշակման եւ խաղերու ստեղծման հիմունքները, ինչպէս նաեւ պիտի ստանայ 21րդ դարուն բնորոշ այնպիսի հմտութիւններ, ինչպէս 3D ձեւաւորումը, ռոպոթաշինութիւնը, լուսանկարչութիւնը, կրաֆիքական ձեւաւորումը եւ այլն: