Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«100 լու­սան­կար­չա­կան պատ­մու­թիւն­ներ` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին» յա­տուկ նա­խա­գի­ծի մը ծի­րին մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած է լու­սան­կար մը, որ առ­նո­ւած է ռու­սա­կան զօր­քե­րու Տ­րա­պի­զոն մտնե­լէն ա­ռաջ եւ փո­խան­ցո­ւած` ֆրան­սա­կան «L’Illustration» «Լ­՛ի­լըսթ­րէ­շըն» թեր­թի թղթա­կից Էռ­նըսթ Սի­մէին:

Ըստ թան­գա­րա­նի կայ­քին, տե­սա­րա­նը կը ներ­կա­յաց­նէ թուրք ոս­տի­կան­նե­րու մուտ­քը հայ­կա­կան թա­ղա­մաս, տու­նե­րու խու­զար­կու­թիւնն ու կո­ղո­պու­տը: Այ­նու­հե­տեւ խում­բե­րով, տղա­մար­դոց մէկ կող­մէ, կի­նե­րուն ու ե­րե­խա­նե­րուն` միւս կող­մէ, քա­ղա­քի հայ բնա­կիչ­նե­րը կը տե­ղա­հա­նուի ի­րենց բնա­կա­վայ­րէն:

Այս լու­սան­կա­րին մէջ կա­րե­լի է նկա­տել հե­տաքրքրա­կան դրո­ւագ­ներ. կա­րա­ւա­նի աջ ու ձախ կող­մե­րէն քա­լող զի­նո­ւոր­նե­րը կը հա­րո­ւա­ծեն ի­րենց զո­հե­րուն: Թուրք սպան մայ­թին ձեր­բա­կա­լեր է հայ մը, որ կը փոր­ձէր փախ­չիլ:

Այս լու­սան­կա­րը ա­ռա­ջին ան­գամ հրա­պա­րակուած է ֆրան­սա­կան «Լ­՛ի­լըսթ­րէ­շըն» թեր­թի 1916 Յու­լիս 29ի թի­ւին մէջ:

1 Յու­լիս 1915ին սկսած է Տ­րա­պի­զո­նի բնակ­չու­թեան տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը, ո­րուն հրա­մա­նը տրո­ւած էր տա­կա­ւին Յու­նիս 26ին: Բռ­նա­գաղ­թի եր­թու­ղին նա­խա­պէս ո­րո­շո­ւած է` Կիւ­միւշ­խա­նէէն Մու­սուլ: Տե­ղա­հա­նո­ւած­նե­րուն մէկ մա­սը, հիմ­նա­կա­նին մէջ` կի­ներ ու ե­րե­խա­ներ, ջրա­խեղդ ե­ղած է Սեւ ծո­վուն մէջ, իսկ միւս մասն ալ սպան­նո­ւած է բռնա­գաղ­թի ճա­նա­պար­հին: Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու շուրջ­կալ­նե­րու ու մար­դոր­սի` մէկ շա­բաթ տե­ւած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով Տ­րա­պի­զո­նի եւ շրջա­կայ հայ­կա­կան բնա­կա­վայ­րե­րու 14 հա­զար հայ բնակ­չու­թե­նէն մնա­ցած էր ըն­դա­մէ­նը 100 հո­գի, իսկ բռնա­գաղ­թեալ­նե­րէն ողջ մնա­ցած էին միայն ա­նոնք, ո­րոնք քիւր­տե­րուն կամ ա­րաբ­նե­րուն իբ­րեւ ստրուկ վա­ճա­ռո­ւած էին:

Տ­րա­պի­զո­նի հա­յե­րուն վեր­ջին բե­կոր­նե­րը լքած են քա­ղա­քը 1919-1920 թո­ւա­կան­նե­րուն` յոյ­նե­րուն հան­դէպ քե­մա­լա­կան­նե­րու կա­տա­րած բռնու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ:

«Մին­չեւ Յու­լիս 6 (Ե­րեք­շաբ­թի) Տ­րա­պի­զո­նի մօտ 1000 հայ­կա­կան տու­ներ դա­տար­կո­ւե­ցան. բնա­կիչ­նե­րը ար­տաք­սո­ւե­ցան:

Չէին ալ հարց­ներ, թէ ո՛վ էր մե­ղա­ւոր, ո՛վ էր ան­մեղ կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ սկսած շարժ­ման մէջ: Հայ ըլ­լա­լը բա­ւա­րար պատ­ճառ էր, որ ա­նոնց հետ որ­պէս յան­ցա­գործ վե­րա­բե­րէին եւ ար­տաք­սէին»:

Տ­րա­պի­զո­նի մէջ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հիւ­պա­տոս

Օս­քար Ս. Հէյ­զը­րի զե­կոյ­ցը`

դես­պան Հեն­րի Մոր­կեն­թաո­ւին - 28 Յյու­լիս 1915

Լու­սան­կա­րի աղ­բիւ­րը` «Լ­՛ի­լըսթ­րէ­շըն», Փա­րիզ, 29 յու­լիս 1916

«100 լու­սան­կար­չա­կան պատ­մու­թիւն­ներ` Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին» գիր­քէն: