Print
Category: Հայաստան-Արցախ

28 Օ­գոս­տո­սին Հա­յաս­տա­նի ու­ժա­նիւ­թի եւ բնա­կան պա­շար­նե­րու նա­խա­րար Ե­րո­ւանդ Զա­խա­րեան ըն­դու­նած է Ի­րան-­Հա­յաս­տան 400 քվ. ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան եր­րորդ գի­ծի գլխա­ւոր կա­պա­լա­ռու, «­Սա­նիր» ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն Պահ­ման Սա­լե­հիի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը։ Նա­խա­րա­րու­թեան լրա­տո­ւա­կան ծա­ ռա­յու­թեան հա­մա­ձայն՝ «­Սա­նիր» ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէ­նը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Հա­յաս­տան պի­տի տե­ղա­փո­խո­ւի այս գի­ծի շի­նա­րա­րու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ ապ­րանք­նե­րու եւ սար­քա­ւո­րում­նե­րու ա­ռա­ջին մա­սը՝ նշե­լով, որ շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի կա­տա­րո­ւին ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին հա­մա­ձայն: Նա­խա­րար Ե­րո­ւանդ Զա­խա­րեան՝ ընդգ­ծե­լով ծրագ­րին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եր­կու եր­կիր­նե­րու ե­լեկտ­րա­կան հա­մա­կար­գին հա­մար, նշած է, որ ծրա­գի­րը պէտք է ի­րա­կա­նա­ցո­ւի բարձր ո­րա­կով եւ սահ­մա­նո­ւած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին: Նա­խա­րա­րը նշած է նաեւ, որ ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման ըն­թաց­քին գլխա­ւոր կա­պա­լա­ռո­ւին պի­տի ցու­ցա­բե­րո­ւի ա­մէն տե­սակ ա­ջակ­ցու­թիւն՝ շի­նա­րա­րու­թիւ­նը պատ­շաճ կեր­պով ա­ւար­տին հասցը­նե­լու հա­մար: Տե­ղե­կաց­նենք, որ 12 Օ­գոս­տո­սին «­Սա­նիր» ըն­կե­րու­թեան եւ «­Բարձ­րա­վոլտ Ե­լեկտ­րա­ցան­ցեր» ըն­կե­րու­թեան մի­ջեւ ստո­րագ­րո­ւած է Ի­րան-­Հա­յաս­տան 400 քվ. եր­րորդ գի­ծի եւ հա­մա­պա­տաս­խան են­թա­կա­յա­նի կա­ռուց­ման ծրագ­րի շի­նա­րա­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նա­գիր: Նա­խա­տե­սո­ւած է, որ աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւար­տին 24 ա­մի­սէ­ն։