Print
Category: Հայաստան-Արցախ

28 Օ­գոս­տո­սի ա­ռա­ջին ժա­մե­րուն (1:40), Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ա­րե­ւե­լեան սահ­մա­նին վրայ, ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի 20-25 հո­գի­նոց յա­տուկ ջո­կատ մը ներ­թա­փանց­ման հեր­թա­կան փորձ կա­տա­րած է: Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­ձայն, Լ.Ղ.Հ.բա­նա­կի սահ­մա­նա­պահ­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ կա­սե­ ցու­ցած են այս փոր­ձը եւ ետ մղած են յա­տուկ ջո­կա­տա­յին­նե­րը:

Նոյն աղ­բիւ­րը նշած է, որ 27էն 28 Օ­գոս­տոս լուս­ցող գի­շե­րը ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը տար­բեր զի­նա­տե­սակ­նե­րով զի­նա­դա­դա­րի պահ­պան­ման դրու­թիւ­նը խախ­տած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 110 ան­գամ` ար­ձա­կե­լով ա­ւե­լի քան 2000 կրա­կոց: Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը հաս­տա­տէ, որ հայ­կա­կան ու­ժե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն ի­րենց վստա­հո­ւած ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կա­տա­րել: