Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հ.Յ.Դ.Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի ընդ­լայ­նո­ւած նիստը տե­ղի ու­նե­ցաւ 28 Օ­գոս­տո­սին: Կը մաս­նակ­ցէին նաեւ Հ.Յ.Դ.Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ Մար­գա­րեան, Բիւ­րո­յի այլ ան­դամ­ներ, կու­սակ­ցու­թեան յայտ­նի դէմ­քեր:

Օ­րա­կար­գի վրայ կար հիմ­նա­կան մէկ հարց` սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րը, ա­նոնց նկատ­մամբ Հ.Յ.Դ­.ի մօ­տե­ցում­ներն ու կա­տա­րե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րը: Հ.Յ.Դ.Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան ներ­կա­յա­ցուց սահ­մա­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծին շուրջ կա­տա­րո­ւող քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քը, մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով Հ.Յ.Դ­.ի ա­ռա­ջարկ­նե­րուն` թղթած­րա­րին եւ վերջ­նա­կան տար­բե­րա­կին մէջ տեղ գտած փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ:

Հ.Յ.Դ.Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն Ռուս­տա­մեան ներ­կա­յա­ցուց սահ­մա­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծին մէջ ար­տա­ցո­լա­ցող յատ­կա­պէս այն ամ­րագ­րում­նե­րը, ո­րոնք Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար ար­ժե­հա­մա­կար­գա­յին եւ գա­ղա­փա­րա­կան հիմ­նա­րար ար­ժէք­ներ են:

Հ.Յ.Դ.Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ Մար­գա­րեան` կա­րե­ւոր նկա­տե­լով սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փոխ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ինք­նիշ­խա­նու­թեան, երկ­րին մէջ ար­մա­տա­կան, հա­մա­կար­գա­յին փո­փո­խու­թիւն­ներ ու զար­գա­ցող կա­յու­նու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու, ինչ­պէս նաեւ իշ­խա­նու­թեան ճիւ­ղե­րու տա­րան­ջատ­ման ու հա­կակշ­ռե­լիու­թեան ա­պա­հով­ման տե­սա­կէ­տէ, անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Յ.Դ­.ի քա­րոզ­չու­թեան ու Հ.Յ.Դ­.ի ա­ռա­ջարկ­նե­րուն շուրջ հե­տե­ւո­ղա­կան ու բո­վան­դա­կա­յին քննար­կում ծա­ւա­լե­լու խնդի­րին: Ժո­ղո­վին մաս­նա­կից­նե­րը կա­րե­ւոր նկա­տե­ցին սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փոխ­ման շուրջ ա­ռա­ւե­լա­գոյն հա­մա­խո­հու­թեան մթնո­լոր­տի ձե­ւա­ւո­րու­մը` քա­րոզ­չա­կան աշ­խոյժ ար­շա­ւի նա­խա­ձեռ­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լով: Նիս­տին մաս­նա­կից­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին նաեւ ա­ռա­ջարկ­ներ` քա­րո­զար­շա­ւի կազ­մա­կերպ­ման ռազ­մա­վա­րա­կան ու մար­տա­վա­րա­կան խնդիր­նե­րուն շուրջ: Ներ­կա­նե­րը ան­գամ մը եւս հաս­տա­տե­ցին, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը վճռա­կա­նօ­րէն պի­տի պաշտ­պա­նէ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րը: