Օգոստոսեան հերթական խորհրդաժողովը համախմբած էր Շիրակի մարզի 160 դպրոցներու տնօրէններ: Հանդիպման աւարտին Շիրակի մարզպետը խստիւ արգիլած է դպրոցներուն մէջ որեւէ դրամահաւաք, իսկ կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան վարչութեան պետն ալ առաջարկած է Շաբաթ օրերը ազատ պահելու փոխարէն ծառայեցնել մշակութային, մարզական եւ ուսուցողական այլ բնոյթի նախաձեռնութիւններու: Շիրակի մարզպետը յորդորած է նաեւ առկայ խնդիրներուն մասին բարձրաձայնել ժամանակին:
Ի դէպ՝ մարզի Զարիշատ, Ջաջուռ կայարան, Անի կայարան, Շաղիկ եւ Աղուորիկ դպրոցներն այս տարի առաջին դասարանցի պիտի չունենան։