Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի մէջ աւելցած է թիւը այն երեխաներուն, որոնք դպրոց չեն յաճախեր։ 26 Օգոստոսին այս մասին յայտնած է Ազգային վիճակագրութեան վարչութեան ընկերային ոլորտի եւ բնապահպանութեան վիճակագրութեան բաժինի ղեկավար Նելլի Բաղդասարեան:
Ըստ անոր՝ եթէ 2009ին 6-9 տարեկան երեխաներուն միայն 1 տոկոսը դպրոց չէր յաճախեր, հիմա այդ տոկոսը եղած է 7: Այդուհանդերձ, պարզաբանած է Բաղդասարեան, այս յարաբերական ցուցանիշին բարձրացումը կրնայ կապուած ըլլալ բնակչութեան մարդահամարի նոր արդիւնքներուն (պաշտօնական տուեալներու 3.2 միլիոնէն մինչեւ 3 միլիոն նուազումով):
Բացի ատկէ, կան նաեւ մեծ թիւով աշակերտներ, որոնք հաշւըուած են Հայաստանի մէջ, բայց խորքին մէջ անոնք իրենց ծնողներուն հետ Հայաստանէն դուրս կը գտնուին: «Իսկ մենք կարող ենք վիճակագրութիւն կազմել միայն պաշտօնական տուեալներով, այլ ոչ թէ դէ ֆակտօ հանրապետութիւնում ներկայ գտնուող բնակչութեան քանակով», յայտնած է Բաղդասարեան: