Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան վստահ է, որ Սահմանադրական փոփոխութիւններուն շուրջ քաղաքական ուժերու միջեւ համերաշխութիւն տեղի կ՛ունենայ: Այդ մասին ան ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչ ներուն հանդիպումէն ետք:
«Նոյնիսկ այն քաղաքական ուժերը, որոնք կը յայտարարէին, թէ պիտի չհանդիպին, կը հանդիպին, եւ այդ մէկը լաւ է: Ես հեգնանքով կամ այլ մտքով չեմ ըսեր: Ես ուրախ եմ, որ կը հասկնան, որ եթէ երկրին մէջ կարեւոր իրադարձութիւն տեղի կ՛ունենայ եւ քաղաքական ուժ մը ինքզինք դուրս կը դնէ այդ հոլովոյթէն, այդ մէկը լուրջ քաղաքական ուժ չէ»,- ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ իրենք ամբողջութեամբ կը սատարեն իշխանութեան, որովհետեւ այդ մէկը կը բխի իրենց մօտեցումներէն: Թիւրըմբռնում է, թէ մենք իշխանութիւններուն ըսածին է, որ կը սատարենք:
Այս պարագային ճիշդ հակառակն է, մենք եղած ենք ըսողները, կամաց-կամաց իշխանութիւնը եկած է այդ եզրակացութեան, եւ մենք տրամաբանօրէն նոյն դաշտին մէջ յայտնուած ենք, որովհետեւ նոյն նպատակը կը հետապնդենք այդ հարցին մէջ»,- ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:
Ան շատ ուրախ է, որ կարելի եղածին չափ շատ քաղաքական ուժեր կառուցողական դիրքորոշումի կու գան այս հարցին վերաբերեալ. «Պարզապէս մերժել, պոյքոթի ենթարկել բան մը, որ գիտես, թէ ի վերջոյ պիտի ընդունուի եւ դուն պէտք է ապրիս այդ կարգերուն մէջ, կարելի չէ այդ մէկը արհամարհել, սա լուրջ մօտեցում չէ»: Արմէն Ռուստամեան նաեւ ըսաւ, որ իրենք «ոչ» կ՛ըսեն իշխանութեան վերարտադրման.- «Մենք իշխանութեան վերարտադրման արմատները արմատախիլ կ՛ընենք այս սահմանադրական փոփոխութիւններուն միջոցով»: