Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արդէն սկսած է Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Ան պիտի եզրափակուի Նոյեմբեր  24-ին Միացեալ Նահանգներու տարածքին կազմակերպուող թելեթոնով։

Այս տարուայ հասոյթը, նախորդին նման, պիտի յատկացուի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ գիւղերու եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացման ծրագիրներուն։
Հայաստան Հիմնադրամի նման համահայկական կառոյցները, անկախ իրենց հետապնդած անմիջական ու մասնագիտական նպատակէն, ունին խորհրդանշական խորունկ նշանակութիւն։ Անոնց գոյութիւնն ու կենսունակութիւնը նաեւ իրողական փաստն են համայն հայութեան միասնականութեան եւ միացման եզրը կը կազմեն տարասփիւռ հայութեան բազում ու բազմատեսակ հատուածներուն։
Միաժամանակ պէտք է հաստատել, որ հայութեան համազգային նպատակներու իրականցման տեսանկիւնէն անգնահատելի է Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու ամրապնդումը։ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերն ու Արցախի հայութիւնը երաշխաւորն են ամբողջ Հայաստանի ապահովութեան ու զարգացման։ Հետեւաբար, այդ շրջաններէն ներս ներդրումը կը հետապնդէ համահայկական նպատակներ։
Ուստի, կոչ կþուղղենք հայութեան բոլոր մասնիկներուն՝ մեծ թիւով եւ լիաբուռն կերպով մասնակցելու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի հանգանակութեան։

ՀԱՅ   ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ  ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԲԻՒՐՕ
16 Նոյեմբեր, 2011 

 

«Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի գլխաւորած
12-րդ 
համաեւրոպական ֆոնեթոնը այսօր տեղի կ'ունենայ

Այսօր Նոյեմբեր 17-ին Ֆրանսայի մէջ կը սկսի համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը‘ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի երկրորդ  դրամահաւաք միջոցառումը, որը պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 20:
Շուրջ 700 կամաւորներ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն եւ Զուիցերիայէն այս երեք օրերուն ընթացքին, 12 ժամ շարունակ՝ Ֆրանսայի հինգ քաղաքներէ՝ Փարիզ, Լիոն, Մարսէյլ, Նիս  եւ Թուլուզ, պիտի զանգահարեն ընդհանուր առմամբ 60.000 հայազգի ընտանիքներու եւ կազմակերպութիւններու‘ առաջարկելով իրենց նուիրատուութիւններով մասնակցիլ Հայաստանի ու Արցախի վերականգնման ուղղուած այս կարեւոր նախաձեռնութեան: Համաեւրոպական Ֆոնեթոնին պիտի փոխանցուին նաեւ Հոլանտայի եւ Յունաստանի հայ համայնքներէն հանգանակուած գումարները:
Յիշեցնենք, որ նախորդ տարի Ֆոնեթոնի արդիւնքը յանգած էր շուրջ 1.400.000 եւրոյի, որ ուղղուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութի շրջանի Հարթաշէն, Տող, Ակնաղբիւր, Ուխտաձոր գիւղերու ջրամատակարարման համակարգերու կառուցման ու վերակառուցման եւ Հայաստանի Շիրակի մարզի Աշոցք գիւղի դպրոցի կառուցման:
Ֆոնեթոն 2011-ի կնքահայրը Ֆրանսայի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող հաղորդավար Միշել Դրյուկերն է:
Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի ատենապետ Պետրոս Թերզեանի խօսքով‘ հեռախօսամարաթոնը շատոնց ընդլայնած է իր ազգային սահմանները, եւ այսօր Հայաստանին ու Արցախին սատարելու նպատակով հեռախօսամարաթոնին նաեւ մեծ թիւով այլազգի կամաւորներ կը մասնակցին: Ֆոնեթոնի գլխաւոր հովանաւորն ու գործընկերը այս տարի եւս Ֆրանս Թելեկոմ Օրանժն է, որը տարիներ շարունակ անգնահատելի մասնակցութիւն կը բերէ այս կարեւորագոյն բարեսիրական ձեռնարկին: