Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի են­թա­կա­յու­թեան եւս 50 դպրո­ցի մէջ այս ու­սում­նա­կան տա­րին պի­տի դա­սա­ւան­դո­ւի «ազ­գա­յին երգ ու պար» դա­սա­նիւ­թը: Այս մա­սին, ըստ Armenpress.amի, լրագ­րող­նե­րու հետ կա­յա­ցած զրոյ­ցին, յայտ­նած է Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի աշ­խա­տա­կազ­մի հան­րակր­թու­թեան վար­չու­թեան պետ Գա­յիա­նէ Սո­ղո­մո­նեան: «Այս ծրա­գի­րը 2014-15 ու­սում­նա­կան տա­րում մուտք գոր­ծեց դպրոց: Այն ի­րա­կա­նա­ցո­ւեց 10 դպրոց­նե­րում: Յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րո­ւեց, եւ պի­լո­տա­յին (pilot) ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չո­ւեց: Այս ու­սում­նա­կան տա­րում մայ­րա­քա­ղա­քի եւս 50 դպրոց­նե­րում կը դա­սա­ւան­դո­ւի «ազ­գա­յին երգ ու պար»ը»,- նշած է Գա­յիա­նէ Սո­ղո­մո­նեան: Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի աշ­խա­տա­կազ­մի հան­րակր­թու­թեան վար­չու­թեան պե­տին խօս­քով, այս օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի թիւ 20 դպրո­ցին մէջ կը վե­րա­պատ­րաս­տուին նշեալ նիւ­թը դա­սա­ւան­դող ու­սու­ցիչ­նե­րը: «­Մին­չեւ Սեպ­տեմ­բե­րի 1ը կ’ա­ւար­տո­ւեն վե­րա­պատ­րաս­տում­նե­րը, եւ նրանք գի­տե­լիք­նե­րով զի­նո­ւած կը մտնեն դպրոց` դա­սա­ւան­դե­լու»,- ա­ւել­ցու­ցած է Գա­յիա­նէ Սո­ղո­մո­նեան:

Հ.Հ. կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Ա­շո­տեան Յու­լիս 2ին հրա­ման ստո­րագ­րած է 2015-¬2016 ու­սում­նա­կան տա­րո­ւը­նէ «ազ­գա­յին երգ ու պար» դա­սա­նիւ­թը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւս 100 հան­րակր­թա­կան ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ ներդ­նե­լու վե­րա­բե­րեալ: «Ազ­գա­յին երգ ու պար» դա­սա­նիւ­թը հան­րա­պե­տու­թեան 13 դպրոց­նե­րու մէջ ներդ­րո­ւած է 2014 -2015 ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան սկիզ­բը: Ա­ռար­կա­յին ու­սու­ցու­մը նա­խա­տե­սո­ւած է մի­ջին դպրո­ցի մէջ, դա­սա­ւան­դու­մը կը սկսի հին­գե­րորդ դա­սա­րա­նէն եւ կ­՚ա­ւար­տի եօթ­նե­րորդ դա­սա­րա­նին: