Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բը այս ամ­սո­ւան ա­ւար­տին կրկին պի­տի տե­սակ­ցի ­Վե­նե­տի­կի Յանձ­նա­ժո­ղո­վին հետ` քննար­կե­լու հա­մար նոր նա­խա­գի­ծը: Այս մա­սին հար­ցազ­րոյ­ցի մը մէջ ը­սաւ բա­րե­փո­խում­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ Հ­րայր ­Թով­մա­սեան: «­Վե­նե­տի­կի յանձ­նա­ժո­ղո­վը կը փաս­տէ, որ ակն­յայտ է քա­ղա­ քա­կան, ի­րա­ւա­կան եւ մշա­կոյ­թի  աճ, որ ող­ջու­նե­լի է ա­նոնց կող­մէ: ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րը ա­նուղ­ղա­կի կ­՛ար­ձա­նագ­րէին այս փաս­տը: ­Պէտք է նշել նաեւ, որ ­Վե­նե­տի­կի Յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րը գոր­ծըն­կեր­ներ են մե­զի հա­մար: ­Մենք պէտք է կա­րե­նանք ա­նոնց փոր­ձը օգ­տա­գոր­ծել»,- ը­սաւ Հ­րայր ­Թով­մա­սեան: Ըստ ա­նոր, ­Վե­նե­տի­կի յանձ­նա­ժո­ղո­վին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խորհր­դակ­ցա­կան բնոյթ ու­նի եւ Օ­գոս­տո­սի վեր­ջա­ւո­րու­թեան կրկին պի­տի հան­դի­պին: