Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ե­րե­ւա­նի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան մա­տե­նա­դա­րա­նի բա­րե­կամ­նե­րու, պոս­թը­նաբ­նակ եր­կու հա­յու­հի­նե­րու` Մա­րիա եւ Պէաթ­րիս Ղր­տեան­նե­րու կող­մէ եւ Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րի­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ստեղ­ծո­ւած է «­Մաշ­տոց» Հայ Մ­շա­կոյ­թի Պահ­պան­ման եւ Զար­գաց­ման Հիմ­նադ­րա­մը: Այս մա­սին, ըստ Armenpress.amի, տե­ղե­կա­ցու­ցած են Ե­րե­ւա­նի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան մա­տե­նա­դա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին կա­պե­րու բա­ժի­նէն։

Այս տա­րո­ւան Ապ­րիլ 10ին Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն Հ­րա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի եւ Հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­նա­խա­գահ­ներ Մա­րիա եւ Պէաթ­րիս Ղր­տեան­նե­րու մի­ջեւ ստո­րագ­րո­ւած է «­Մաշ­տոց» Հիմ­նադ­րա­մի ստեղծ­ման պայ­մա­նա­գի­րը, որ նոր ու­ղի­ներ կը բա­նայ Մա­տե­նա­դա­րա­նի կրթա­կան, գի­տա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ծրա­գիր­նե­րու ա­ռա­ւել ընդ­լայն­ման ու զար­գաց­ման հա­մար:

Հիմ­նադ­րա­մի կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդիր­նե­րէն են Մա­տե­նա­դա­րա­նի ծի­րէն ներս ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ծա­ւա­լող ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ աս­պի­րանտ­նե­րու, հայ­ցորդ­նե­րու գի­տա­կան, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան, կրթա­կան գոր­ծըն­թա­ցի ար­դիւ­նա­ւէտ ա­պա­հո­վու­մը, ա­ջակ­ցումն ու խթա­նու­մը եւ ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րու ներգ­րա­ւու­մը գի­տաու­սում­նա­կան, գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մէջ: «­Մենք շատ կը սի­րենք ճա­նա­պար­հոր­դել, շրջա­գա­յած ենք շատ-շատ եր­կիր­ներ, բայց այս­տեղ ա­մէն ինչ հա­րա­զատ է: Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ մենք մեզ զգա­ցինք ինչ­պէս հա­րա­զատ օ­ճա­խի մէջ, տե­սանք, շփո­ւե­ցանք շատ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ: Ու­րախ ենք տես­նե­լու ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րու աշ­խոյժ ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թիւ­նը ձեր աշ­խա­տանք­նե­րուն: Մենք բարձր կը գնա­հա­տենք ձեր կա­տա­րած աշ­խա­տան­քը, եւ ի սրտէ կը մաղ­թենք, որ այս հի­մադ­րա­մը ծա­ռա­յէ ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րու գի­տե­լիք­նե­րու եւ հմտու­թեան հա­մալր­ման ուղ­ղո­ւած ծրա­գիր­նե­րուն»,-- ը­սած է Պէաթ­րիս Ղր­տեան` նշե­լով, որ Հիմ­նադ­րա­մը ստեղ­ծո­ւած է այդ իսկ նպա­տա­կով: Մէկ տա­րի ա­ռաջ` 2014ի Հոկ­տեմ­բե­րին հայ­րե­նիք ժա­մա­նած Մա­րիա եւ Պէաթ­րիս Ղր­տեան­նե­րը Մա­տե­նա­դա­րա­նին նո­ւի­րա­բե­րած են ի­րենց ըն­տա­նի­քին պատ­կա­նող տպա­գիր եւ ձե­ռա­գիր գիր­քե­րու ճոխ հա­ւա­քա­ծուն (հինգ ձե­ռա­գիր, ո­րոնց­մէ մէ­կը 17րդ դա­րուն գրո­ւած Աս­տո­ւա­ծա­շունչ մա­տեան է, իսկ միւս չոր­սը ա­րա­բա­տառ ձե­ռագ­րեր, եւ շուրջ 144 կտոր հնա­տիպ գիր­քեր` մեծ մա­սամբ 17-18րդ դա­րե­րու հայ գրքա­րո­ւես­տի ե­րա­խայ­րիք­ներ): Բա­ցի վե­րո­յի­շեալ հա­զո­ւա­գիւտ գիր­քե­րէն, վեր­ջերս Մա­տե­նա­դա­րան հա­սած է նաեւ Ղր­տեան քոյ­րե­րու կող­մէ նո­ւի­րա­բե­րո­ւած պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող հայ­կա­կան եր­կու թան­կար­ժէք գորգ: Մա­տե­նա­դա­րա­նի ֆոն­տե­րը հարս­տա­ցու­ցած այս կա­րե­ւոր հա­ւա­քա­ծուն, նո­ւի­րա­տու­նե­րու ցան­կու­թեամբ Մա­տե­նա­դա­րա­նին յանձ­նո­ւած է ի յի­շա­տակ ի­րենց վա­ղա­մե­ռիկ եղ­բօր` մաս­նա­գի­տու­թեամբ բժիշկ Ռու­բէն Ղր­տեա­նի: «­Հի­մա, որ այդ բո­լո­րը ի­րենց ա­պա­հով տե­ղը գտան, հանգս­տա­ցանք, Ռու­բէ­նի սիրտն ալ հանգս­տա­ցաւ»,- ը­սած են Ղր­տեան քոյ­րե­րը: Այս­պէս, մէկ տա­րո­ւան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րէն յե­տոյ պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցո­ւած է նաեւ Ղր­տեան ըն­տա­նի­քի կող­մէ ստեղ­ծո­ւած Հիմ­նադ­րա­մը: Ներ­կա­յիս Մա­տե­նա­դա­րա­նի մէջ կ­՝ի­րա­կա­նա­ցո­ւին բազ­մա­թիւ գի­տամ­շա­կու­թա­յին, կրթա­կան ծրա­գիր­ներ: