Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«­Հայ­փոստ» Փ.Բ.Ը.ն պաշ­տօ­նա­պէս մա­րած եւ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրած է Հա­մա­հայ­կա­կան ա­մառ­նա­յին 6րդ Խա­ղե­րը խորհր­դան­շող նոր փոս­տա­յին թո­ղար­կում` գե­ղա­թեր­թիկ մէկ նա­մա­կա­նի­շով: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Artsakhpress.am։

Գե­ղա­թեր­թի­կի մար­ման մաս­նակ­ցած են Հ.Հ. կա­պի եւ փո­խադ­րա­մի­ջո­ցի փոխ-նա­խա­րար Գա­գիկ Թա­դե­ւո­սեան, ըմբ­շա­մար­տի աշ­խար­հի ա­խո­յեան Վա­ղի­նակ Գալըս­տեան, Հա­մա­հայ­կա­կան Խա­ղե­րու Հա­մաշ­խար­հա­յին Կո­մի­տէի գործ­կո­մի ան­դամ­ներ Տիգ­րան Ալ­թուն, Հեր­մի­նէ Տու­զեան եւ Յա­կոբ Կիռ­մի­զեան, խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պիչ կո­մի­տէի ան­դամ Յա­րու­թիւն Եաւ­րեան, «­Հայ­փոստ» Փ.Բ.Ը. գլխա­ւոր գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Հայկ Ա­ւա­գեան, Հ.Հ. Ֆի­լա­տե­լիստ­նե­րու Միու­թեան նա­խա­գահ Յո­վիկ Մու­սա­յե­լեան:

Կա­պի եւ փո­խադ­րա­մի­ջո­ցի փոխ-նա­խա­րար Գա­գիկ Թա­դե­ւո­սեա­նի խօս­քով` բա­րի ա­ւան­դոյթ դար­ձած է բո­լոր յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած գե­ղա­թեր­թիկ, նա­մա­կա­նիշ կամ ծրար ու­նե­նա­լը: «­Հա­մա­հայ­կա­կան ա­մառ­նա­յին 6րդ Խա­ղերն այն­քան նշա­նա­կա­լից են մեր ազ­գի հա­մար, որ նա­խա­րա­րու­թեան նա­մա­կա­նիշ­նե­րի խոր­հուրդն ու «­Հայ­փոստ» ըն­կե­րու­թիւ­նը ո­րո­շե­ցին ստեղ­ծել թէ’ ծրար, թէ’ գե­ղա­թեր­թիկ, թէ’ նա­մա­կա­նիշ: Յատ­կան­շա­կան է, որ մի­ջո­ցառ­մա­նը մաս­նակ­ցե­ցին Հա­մա­հայ­կա­կան Խա­ղե­րի գոր­ծա­դիր խորհր­դի ան­դամ­ներ, հայ նշա­նա­ւոր մար­զիկ­ներ, Ֆի­լա­տե­լիստ­նե­րի Միու­թեան նա­խա­գա­հը, «­Հայ­փոստ» ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէ­նը»,- ը­սած է Գա­գիկ Թա­դե­ւո­սեան: Փոխ-նա­խա­րա­րի տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով` նա­մա­կա­նի­շը մեծ տպա­քա­նա­կով ամ­բողջ աշ­խար­հով սպառ­ման դրո­ւած է: «­Սա գնում է հա­մալ­րե­լու հա­մաշ­խար­հա­յին Ֆի­լա­տե­րիա­յի նմոյշ­նե­րը: Կար­ծում եմ` Հա­մա­հայ­կա­կան ա­մառ­նա­յին խա­ղե­րին նուի­րո­ւած նա­մա­կա­նիշն իր ու­րոյն տե­ղը կը զբա­ղեց­նի հա­մաշ­խար­հա­յին նա­մա­կա­նիշ­նե­րի շար­քում»,- ա­ւել­ցու­ցած է փոխ-նա­խա­րա­րը:

Հա­մա­հայ­կա­կան Խա­ղե­րու Հա­մաշ­խար­հա­յին Կո­մի­տէի ան­դամ Հեր­մի­նէ Տու­զեան, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Ֆ­րան­սան, հպարտ է նման ձեռ­նար­կի մաս­նակ­ցե­լու հա­մար: Ա­նոր կար­ծի­քով` նա­մա­կա­նի­շի մի­ջո­ցով կը հան­րահռ­չա­կո­ւին թէ’ Հա­մա­հայ­կա­կան Խա­ղե­րը, թէ’ Հա­յաս­տա­նը ինք­նին:

Հա­մա­հայ­կա­կան ա­մառ­նա­յին 6րդ Խա­ղե­րուն նո­ւի­րո­ւած գե­ղա­թեր­թի­կի վրայ պատ­կե­րո­ւած է խա­ղե­րու ոս­կէ մե­տա­լի դի­մե­րե­սը եւ դար­ձե­րե­սը, ո­ճա­ւո­րո­ւած պատ­կերուած են խա­ղե­րու տի­պը եւ բա­ժա­կը, ինչ­պէս նաեւ նշո­ւած են այն քա­ղաք­նե­րը, ուր պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւին խա­ղե­րը` Ե­րե­ւան, Գիւմ­րի, Վա­նա­ձոր, Ս­տե­փա­նա­կերտ: Նա­մա­կա­նի­շի վրայ պատ­կե­րո­ւած է մար­զա­դաշտ` վեց հիմ­նա­կան մար­զա­ձե­ւե­րով, ինչ­պէս նաեւ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու տի­պը: