Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յուլիսի 27ին հրապարակուած թենիսի արհեստավարժ մարզիկներու միութեան (ATP) աշխարհի լաւագոյն մարզիկներու նորագոյն ցանկին վրայ, Կլենտէյլ ծնած Ալեքս (Ալեքսանտր) Սարգիսեան շարունակած է իր վերելքը՝ հասնելով 201րդ դիրքին։ Նախորդ յատկանշական ոստումն ան կատարած էր Յունիսին, երբ 312րդ դիրքէն բարձրացած էր 210րդի։ Այդ ոստումին պատճառը՝ Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցած ATP challenger մակարդակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին անոր տիրանալն էր։ Ան չորրորդ մարզիկն էր, որ աշխարհի լաւագոյն 300 մարզիկներէն դուրս ըլլալով հանդերձ՝ նման մակարդակի մրցաշարքի մը տիտղոսը կը խլէ։
25ամեայ Սարգիսեան, որ 2014ին արհեստավարժ դարձած էր, Հարաւային Քորէայի մէջ արձանագրած իր յաջողութենէն ետք, քանի մը այլ մրցաշարքերու ընթացքին համոզիչ արդիւնքներ ապահովելով՝ կրցաւ անցեալ շաբաթ մասնակցիլ թենիսի արհեստավարժներու գլխաւոր մրցաշարքի մը՝ ATP world tourի Գոլոմպիոյ մրցաշարքին, հասնելով մինչեւ 1/16րդ հանգրուան, ուր ան 7-6 (7-1), 3-6, 2-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց մրցաշարքին մէջ 7րդ դասուած մարզիկէն։ Նշենք, որ այս տարեսկիզբին, Սարգիսեան կը գտնուէր 594րդ դիրքին վրայ։ Ան, որ 2011ին շահած էր Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարաններու ախոյեանութիւնը, երբ Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի ուսանող էր տակաւին, 1981էն ի վեր նահանգային համալսարանի ուսանող առաջին մարզիկն է, որ կրցած է թենիսի արհեստավարժներու գլխաւոր մրցաշարքի մը մասնակցիլ։