-
Details
-
Category: Հայաստան-Արցախ
-

Համահայկական ամառնային 6րդ Խաղերու բացման արարողութեան մասնակցելու նպատակով Թուրքիայէն Հայաստան եկած պատուոյ հիւրերը, Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի եւ գործադիր խորհուրդի անդամներուն հետ, Օգոստոս 3ին այցելեցին Ծիծեռ նակաբերդի յուշակոթող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու թանգարան-հիմնարկ: Պատուիրակութեան կազմին մէջն էին Վանի քաղաքապետ Պեքիր Քայա, Վանի համաքաղաքապետ Հաթիճէ Չոպան, Պիթլիսի քաղաքապետ Հիւսէին Օլան, Մուշի քաղաքապետ Էօզքան Պիրլիք, Նորշէնի քաղաքապետ Էմին Էօզքան, Տիգրանակերտի Սուրի քաղաքապետ Ֆաթմա Շըք Պարութ եւ այլ բարձրաստիճան անձեր: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նորաբաց ցուցասրահին մէջ անոնց ներկայացուեցան բացառիկ ցուցանմոյշներ, լուսանկարներ եւ տարեգրութիւններ: Պատուիրակները ապա ծաղիկներ զետեղեցին եւ գլուխ խոնարհեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ: Այցելութեան աւարտին պատուոյ հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն եւ թանգարանի անձնակազմին` նախաձեռնութիւնը կազմակերպելու գործին մէջ իրենց ներդրած ջանքերուն համար: