Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման Հա­մար Նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ հիմ­նար­կու­թիւ­նը իր ա­նո­ւան անգ­լե­րէն սկզբնա­տա­ռե­րը նշա­նա­կա­լից կեր­պով միա­ցու­ցած է IDeA ձե­ւով, գա­ղա­փա­րի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը շեշ­տադ­րե­լու յստակ մի­տու­մով:
Գա­ղա­փա­րը յղաց­քա­յին մա­կար­դա­կէն ար­դէն ան­ցած է գոր­ծի եւ հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ դար­ձած է ներշնչ­ման նոր աղ­բիւր մը, ինչ­պէս է Սեմ Սի­մո­նեա­նի կա­ռու­ցած «­Թու­մօ»ն:

IDeAի իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ այն փաս­տին մէջ, որ ա­նոր ե­տին կանգ­նած գլխա­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը՝ յայտ­նի գոր­ծա­րար Ռու­բէն Վար­դա­նեա­նը, մեծ ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լէ ետք ա­նոնց գործ­նա­կա­նաց­ման հա­մար, նախ իր մի­ջոց­նե­րէն գու­մար­ներ կը յատ­կաց­նէ, ա­պա նաեւ այլ ներդ­րող­ներ կը ներգ­րա­ւէ աշ­խա­տան­քին մէջ: Ա­հա՛ «­Նոր Յա­ռաջ»ի կող­մէ ամ­փո­փո­ւած IDeAի հա­յաս­տա­նեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց ի­րա­գործ­ման հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած ներդ­րում­նե­րը.

– Դի­լի­ջան քա­ղա­քի զար­գաց­ման ծրա­գիր. 7 նուի­րա­տու, 250 մի­լիոն տո­լար ներդ­րում, մին­չեւ 2015 ծախ­սո­ւած է 15 մի­լիոն տո­լար:

– Դի­լի­ջա­նի մի­ջազ­գա­յին դպ-­րոց. 197 նո­ւի­րա­տու, 190 մի­լիոն տո­լար ներդ­րում, մին­չեւ 2015 ծախ­սո­ւած՝ 135 մի­լիոն տո­լար:

– «100 Կեանք». 4 նո­ւի­րա­տու, 150 մի­լիոն տո­լար ներդ­րում, մին­չեւ 2015 ծախ­սո­ւած՝ 10 մի­լիո­նէն ա­ւե­լի:

– Ե­րե­ւան քա­ղա­քի ծրա­գիր՝ Ա­զա­տու­թեան զբօ­սայ­գին եւ «­Քա­ֆէս­ճեան» ա­րո­ւես­տի կեդ­րոն. ծրագրուած է 150 մի­լիոն տո­լա­րի ներդ­րում:

– Տա­թե­ւի շրջա­նի զար­գաց­ման ծրա­գիր. 146 նո­ւի­րա­տու­ներ, 80 մի­լիոն տո­լար ներդ­րում, մին­չեւ 2015 ծախ­սո­ւած՝ 22 մի­լիոն տո­լար:

– Ար­ցա­խի զար­գաց­ման ծրա­գիր. 3 նո­ւի­րա­տու, 50 մի­լիոն տո­լար ներդ­րում, մին­չեւ 2015 ծախ­սո­ւած՝ 1 մի­լիոն տո­լար:

– «­Բաց Եր­կինք»ի եւ սա­ւառ­նոր­դու­թեան ծրա­գիր. 4 նո­ւի­րա­տու, 25 մի­լիոն տո­լար ներդ­րում, մին­չեւ 2015 ծախ­սո­ւած՝ 1,1 մի­լիոն տո­լար:

– Թիֆ­լի­սի Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման ծրա­գիր. 12 նո­ւի­րա­տու, 10 մի­լիոն տո­լար ներդ­րում, մին­չեւ 2015 ծախ­սո­ւած՝ 1,8 մի­լիոն տո­լար:

– Զ­բօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման ծրա­գիր. նա­խա­տե­սո­ւած է 5 մի­լիոն տո­լա­րի ներդ­րում:

Կը սպա­սենք ու­րիշ գա­ղա­փար­նե­րու, գա­ղա­փա­րա­կիր­նե­րու, ներդ­րող­նե­րու, գոր­ծադ­րող­նե­րու, հայ­րե­նա­սէր­նե­րու, ո­րոնք ար­տա­սո­վոր մտա­ծե­լա­կեր­պի տէր են եւ յան­դուգն ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լէ չեն խու­սա­փիր:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ - «Աս­պա­րէզ»