Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Օգոստոս 3ին ընդունեց Համահայկական ամառնային վեցերորդ Խաղերու կազմակերպիչները, հովանաւորները եւ պատուոյ հիւրերը: Նախագահին նստավայրին մէջ ի պատիւ հիւրերուն տեղի ունեցած ընդունելութենէն առաջ, տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն:
Համահայկական վեցերորդ Խաղերու կազմակերպման գործին մէջ իրենց ունեցած նշանակալի ներդրումին համար, հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրներով խումբ մը անձեր պարգեւատրուեցան Երախտագիտութեան շքանշանով:
Նախագահին կարգադրութեամբ խումբ մը անձեր ալ պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի շնորհակալագիրով` Համահայկական վեցերորդ Խաղերու նախապատրաստման եւ կայացման աշխատանքներուն մէջ իրենց ունեցած գործուն մասնակցութեան համար: