Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Շա­բաթ՝ Յու­նիս 13ին, Ֆ­րեզ­նո­յի Ա­ռա­ջին Հայ Ե­րի­ցա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Ֆ­րեզ­նո­յի Պան­դուխտ Հայ Ժո­ղո­վա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­տեղ ջան­քե­րով ի­րա­կա­նա­ցած «Սր­տեր Սու­րիոյ Հա­մար» ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին, կա­րե­լի ե­ղած է 35.000 տո­լար հա­ւա­քել ի նպաստ սու­րիա­հա­յու­թեան։ Այս մա­սին կը հա­

ղոր­դէ «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թը։ Ձեռ­նար­կի կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բի հա­մաա­տե­նա­պետ Ռո­զին Է­մեր­զեան-­Սա­լի­պա, ա­ւե­լի քան 200 մաս­նա­կից­նե­րուն, ներ­կա­յա­ցու­ցած է պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րը՝ Վա­հան Քհնյ. Կոս­տա­նեան, Վեր. Ներ­սէն Պա­լա­պա­նեան, պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տոս Պերճ Աբ­գա­րեան, դա­տա­ւոր Չաք Փու­չի­կեան, Ֆ­րեզ­նօ գա­ւա­ռի վե­րահս­կիչ Տեպ­րա Փու­չի­կեան եւ դա­տա­ւոր Ժագ­լին Սար­գի­սեան։

Պա­տո­ւե­լի Կ­րե­կը­րի Յա­րու­թիւ­նեան կա­տա­րած է բաց­ման ա­ղօթ­քը, որ­մէ ետք կա­տա­րո­ւած են զոյգ քայ­լերգ­նե­րը եւ գոր­ծադ­րո­ւած գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր։ Ընթ­րի­քէն ետք, ե­լոյթ ու­նե­ցած է կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բի հա­մա-ա­տե­նա­պետ Է­տո­ւըրտ Սա­լի­պա, իսկ օ­րո­ւան գլխա­ւոր բա­նա­խօ­սը ե­ղած է Սան Ֆ­րան­սիս­քո­յէն ժա­մա­նած Սե­ւան Պա­լա­պա­նեան, որ իր ա­մուս­նոյն՝ Վեր. Ներ­սէս Պա­լա­պա­նեա­նի հետ, նոր վե­րա­դար­ձած էր Լի­բա­նա­նէն։ Ան ու­նե­ցած է տպա­ւո­րիչ ե­լոյթ մը՝ բաղ­դա­տա­կան մը կա­տա­րե­լով Սու­րիոյ տագ­նա­պէն ա­ռաջ եւ ա­նոր ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րո­ւած ի­րա­դար­ձու­թեանց մի­ջեւ։