-
Details
-
Category: Հայաստան-Արցախ
-
Օգոստոս 14ին պիտի սկսին Լ.Ղ.Հ. Մարտունի քաղաքի 90ամեայ յոբելեանին նուիրուած տօնական ձեռնարկները: Ըստ աղբիւրին` այդ ընթացքին պիտի կազմակերպուին մարզական ձեռնարկներ - կրոսավազք, շրջանի լաւագոյն շախմատիստներու մասնակցութեամբ ճատրակի առաջնութիւն, մրցումներ` ըմբշամարտէն, աւանդական այլ մարզաձեւերէն, մշակութային ձեռնարկներ «Իմ Մարտունին շէն մնայ» խորագիրով, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու մասնակցութեամբ արշաւ դէպի «Ղարաչուխ» բարձունք, ուր տարիներ առաջ տեղակայուած էր Մարտունիի ինքնապաշտպանական ուժերու հիմնական յենակէտը: Օգոստոս 15ին տեղի պիտի ունենայ «Հին Մարտունի. հայեացք ապագայից» լուսանկարներու ցուցահանդէս, պիտի կազմակերպուի շրջանային կեդրոնի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաներու աշխատանքներու բացօթեայ ցուցադրութիւն, ծաղկեպսակադրութիւն Արցախեան Ազատամարտին եւ «Հայրենական Մեծ Պատերազմ»ին զոհուածներու յուշարձաններու պատուանդաներուն, տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր հաւաք, տօնական շքերթ Յաղթանակի հրապարակէն մինչեւ Երեւանեան այգի: Իսկ երեկոյեան կը սպասուի տօնական համերգ Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. երգիչներու եւ պարախումբերու մասնակցութեամբ, որ պիտի եզրափակուի շքեղ հրավառութեամբ:
Նշենք նաեւ, որ տեղի պիտի ունենայ «Երեւանեան այգի»ի եւ ի յիշատակ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան հիմնադիր-նախագահ Աշոտ Նաւասարդեանի խաչքարի հանդիսաւոր բացում: