Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, մասնակցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական հաստատութեան եւ զինուորական-ու սումնական հաստատութիւններու շրջանաւարտներու սպայական կոչումներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է արարողութեան մասնակիցները, շնորհաւորած է 2015ի զինուորական-ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսումնառութիւնը աւարտած շրջանաւարտները` աւարտական արարողութեան առիթով, մաղթած է անոնց յաջողութիւններ եւ անփորձանք ծառայութիւն: Սերժ Սարգսեան ուսման գերազանցներուն անձամբ յանձնած է սպայական վկայականները եւ զանոնք պարգեւատրած է անուանական դաշոյններով: Հանրապետութեան նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատար Սերժ Սարգսեան, արարողութեան առիթով, հանդէս եկած է ելոյթով: Արարողութիւնը աւարտած է շրջանաւարտներու հանդիսաւոր քայլերթով եւ պատուոյ պահակախումբի ցուցադրական շարանցումով: