«Սահմանային միջադէպերու վերջին օրերու աշխուժացումը, դժբախտաբար, տարօրինակ երեւոյթ չէ»,- ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` «Երկիր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին: Ըստ անոր, ամրան ամիսներուն աշխուժացումը Ատրպէյճանի ապրելակերպն է, ո
րովհետեւ Ատրպէյճան իր էութեամբ ահաբեկչական պետութիւն է եւ կ՛ընէ ամէն բան, որպէսզի ձեւով մը վատութիւն ընէ հայ ժողովուրդին, եւ ատիկա իր ժողովուրդին ներկայացնէ իբրեւ «մեծ յաղթանակ» պատերազմի դաշտին վրայ: «Ատրպէյճան նաեւ աշխոյժ քաղաքական ժամանակաշրջան կը մտնէ Հոկտեմբերին, երբ տեղի պիտի ունենան խորհըրդարանական ընտրութիւնները: Բացի ատկէ, ժողովուրդի ընկերային վիճակը այնտեղ ծանր է, որքան ալ փորձեն քողարկել, ուրեմն հիմա ատըրպէյճանական կողմը մեծ գումարներ կը ծախսէ քարոզչութեան համար, որպէսզի շեղէ բնակչութեան ուշադրութիւնը եւ ցոյց տայ, թէ` տեսէ՛ք, պատերազմի դաշտին վրայ իշխանութիւնները կ՛ընեն ամէն բան, կը նուաճեն «յաղթանակներ»,- ըսաւ Բաբայեան:
Ըստ անոր՝ պահ մը, Եւրոպական Խաղերուն կապուած, սահմանին վրայ լարուածութիւնը մեղմացած էր, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ իրավիճակը փոխուած է, կամ՝ Ատրպէյճան կառուցողական հունի մէջ մտած է:
«Քանի որ Եւրոպական Խաղերուն ժամանակ կրակոցներու թիւը նուազած էր, կը փորձեն ատոր տեղը հանել եւ կը սկսին խախտել զինադադարը: Մեզի ատիկա չ՛ահաբեկեր, չի կրնար ահաբեկել: Ամէնէն լաւ պատասխանը ուժգին հակահարուածն է, որն ալ հակառակորդը կը ստանայ ամէն օր: Այո՛, վատ է, որ զինադադարի խախտման պատճառով մեր երիտասարդները կը զոհուին, ատիկա անդառնալի ողբերգութիւն է մեզի համար, բայց ի վերջոյ, ատիկա հայրենիքի պաշտպանութիւն է, պէտք է հաշուի առնենք, որ եթէ տղաները չպաշտպանեն սահմանը, ցեղասպանութիւն կ՛ըլլայ»,- նշեց Բաբայեան:
Վերջերս Արկադի Տէր-Թադեւոսեան` Քոմանտոս, «Երկիր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, նշած էր, որ յառաջիկային կը պատրաստուի այցելել Ղարաբաղ, բարձրանալ դիրքերը եւ քաջալերել զինուորները: Բաբայեան, խօսելով այս մասին, նշեց, որ նման այցելութիւնները շատ կը նպաստեն տղաներու մարտական ոգիի բարձրացման: «Մանաւանդ` երբ կու գան մարդիկ, որոնք գործուն մասնակցութիւն ունեցած են պատերազմին մէջ, ապրող առասպելներ են: Պիտի ընդարձակուի այցելութիւններու շրջանակը` գիտնականներ, քաղաքական գործիչներ, սփիւռքէն մարդիկ պիտի գան, որպէսզի ե՛ւ իրենք տեսնեն` ի՞նչ է սահմանը, պատկերացնեն` այդ տղաները առօրեայ ինչ հերոսութիւն կ՛ընեն, ե՛ւ տղաները ոգեւորեն»,- ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան: