Կառավարութիւնը 30 Յուլիսի իր նիստին որոշած է, Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի երկրորդ հանգրուանի հիմնովին նորոգութեան համար, իր պահեստային հիմնադրամէն Հայաստանի փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարարութեան յատկացնել 1 միլիառ 200 միլիոն դրամ, 2015ի 9 ամիսներուն: Հայաստանի վարչապետը կարեւոր նկատած է այս ծրագիրը, որ նաեւ պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի անվըտանգութեան ապահովման:
Մայրուղիի Վարդենիսի հատուածի առաջին հանգրուանի նորոգութեան նպատակով 18 Յուլիսին արդէն իսկ 1 միլիառ 540 միլիոն դրամ յատկացուած էր։ 116 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող Վարդենիս (Հայաստան) – Մարտակերտ (Լեռնային Ղարաբաղ) երկրորդ ռազմավարական մայրուղիի շինարարութիւնը «Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդին կողմէ հաստատուած ռազմավարական ծրագիր է:
Մայրուղին, որուն վերակառուցումը պիտի աւարտի 2016ի սկիզբը, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ այլընտրանքային կապ պիտի ապահովէ։ Անիկա ո՛չ միայն պիտի աշխուժացնէ ճամբու երկայնքով ձգուող 22 փոքր ու մեծ համայնքներու կեանքը, այլ նաեւ պիտի նպաստէ երկու երկիրներու զբօսաշրջութեան եւ տնտեսութեան զարգացման: Մայրուղիի վերակառուցման համար պիւտճէէն նախատեսուած է յատկացնել մօտաւորապէս 9 միլիառ դրամ: