Հայաստանի Համահայկական 6րդ ամառնային մարզախաղերը կ’ընդգրկեն 17 մարզաձեւեր, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի գաղութներէն 6.350 մարզիկներ
Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին մէջ, երէկ Կիրակի 2 Օգոստոս 2015ին, փայլուն արարողութեամբ, հանդիսաւոր
բացումը կատարուեցաւ Համահայկական 6րդ ամառնային խաղերուն։ Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, պաշտօնատար անձեր, Հայաստանէն մարզասէրներ եւ Սփիւռքէն ժամանած հիւրեր։
Պաշտօնական բացման արարողութիւնը ներկաներուն հրամցուց Հայոց պատմութեան փառապանծ էջերու ամէնէն լուսաւոր եւ յիշարժան դէպքերը, հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւոր թուականները։
Պատուոյ պահակախումբի ուղեկցութեամբ մարզադաշտ բերուեցաւ ՀՀ պետական դրօշակը։ Համահայկական խաղերու դրօշակը մարզադաշտ բերուեցաւ ողիմպիական մրցումներու ախոյեաններու ձեռամբ, իսկ ջահը վառուեցաւ հայկական մարմնամարզութեան եւ համաշխարհային սպորտի մեծագոյն դէմքերէն, ողիմպիական մրցումներու կրկնակի ախոյեան, օղակներու մարզաձեւի չամփիոն Ալպերթ Ազարեանի կողմէ։ Խօսք առաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ խօսեցաւ խաղերու իւրայատկութեան մասին, շեշտելով թէ ներկայ եղող բոլոր մարզիկները կապուած են մէկ ընդհանրութեամբ՝ հայկական ինքնութեամբ։ «Որքան էլ նոր ու լրացուցիցչ տարբեր ինքնութիւնների շերտեր աւելանան, հայութիւնը, հայ լինելը մեր բոլորի մայր ինքնութիւնն է։ Այդ ինքնութիւնն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միջոցառումներով բնորոշուող այս տարում մեզ կրկնել է տալիս 2015ի կարգախօսը՝ յիշում ենք ու պահանջում։ Այսօր այս հանդիսաւոր արարողութեանը մասնակցում են մայր Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարբեր օճախների երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներ։
Դուք այս օրերին այս խաղերի ընթացքում, պիտի մրցէք հայերին վայել՝ ազնիւ ու արդար, իսկական ողիմպիական ոգիով։ Այս օրերին դուք կը գտնէք նոր բարեկամներ եւ ձեր այդ ընկերութեան կրակը վառ կը պահէք ձեր ամբողջ կեանքի ընթացքում։ Վստահ եմ որ Համահայկական խաղերի կրակը ձեզ դեռ շատ երկար կ’ուղղորդի» յայտարարեց Հ.Հ. նախագահը, շեշտելով՝ «Լինենք միասին, որ այլեւս չպարտուենք»։ Ապա բացուած յայտարարեց 6րդ Համահայկական խաղերը։
Յաջորդեց հրավառութիւն եւ հայկական ազգային-ժողովրդական երգերով ու պարերով համերգ։ Քոչարի պարերուն միացան մարզիկներու ուրախ պարերը, որ երկար տեւեցին մինչեւ համերգին աւարտը։
Յունաստանի երեք քաղաքներու մասնակցութիւն
Հայաստանի Համահայկական 6րդ ամառնային խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն շուրջ 6.350 մարզիկներ, ինչ որ մասնակիցներու աննախադէպօրէն բարձր թիւ կը կազմէ։
Տաս օրուայ ընթացքին, անոնք պիտի մրցին 17 մարզաձեւերու մէջ՝ ոտնագնդակ, մինի ոտնագընդակ, կողովագնդակ, վոլէյպոլ, թենիս, փինկ-փոնկ, ճատրակ, պատմինթըն, լող, աւազի վոլէյպոլ, սպորտային պարեր, կոլֆ, հանտպոլ եւալն։
Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, բացի Երեւանէն մրցումներ պիտի կայանան նաեւ Ստեփանակերտի, Գիւմրիի, Վանաձորի, Աբովեանի, Արտաշատի եւ Էջմիածնի մէջ։
Մարզիկները տողանցի ժամանակ դաշտ մտան խումբ-խումբ առաջնորդուելով եւ ներկայացնելով իրենց քաղաքները։ Հանդիսատեսներուն առջեւէն տողանցեցին 165 քաղաքներ ներկայացնող պատուիրակութիւնները։
Յունաստան եւս բազմանդամ պատուիրակութեամբ իր մասնակցութիւնը կը բերէ մրցումներուն։ Աթէնքէն 38, Փիրէայէն 42 եւ Թեսաղոնիկէէն 17 մարզիկներու մասնակցութեամբ կազմուած պատուիրակութիւնը, խանդավառ ժպիտներով տողանցեց, հայկական ու յունական փոքրիկ դրօշակներ բռնած ձեռքին։
Մեր խումբերը իրենց մրցումները կը սկսին այսօր Երկուշաբթի կէսօրին, պասքետպոլի եւ վոլէյպոլի խաղերով։