Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ա­ւե­լի յար­մա­րա­ւէտ Ե­րե­ւան ու­նե­նա­լու մի­տող ծրա­գիր­նե­րու ծի­րին մէջ 2013ին մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ սկիզբ ա­ռաւ նաեւ թե­քա­հար­թակ­նե­րու կա­ռուց­ման գոր­ծըն­թաց: Ծ­րա­գի­րը, ըստ էու­թեան, ան­նա­խա­դէպ էր ու վա­ղուց սպա­սո­ւած: ­Քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն յանձ­նա­րա­րած է հա­մա­գոր­ ծակ­ցիլ շա­հագր­գիռ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ՝ ծրա­գի­րին մէջ նե­րա­ռե­լով ա­նոնց ա­ռա­ջարկ­ներն ու դի­տար­կում­նե­րը: Բ­նակ­չու­թեան սա­կա­ւա­շարժ խում­բե­րուն հա­մար ա­ռա­ւել մատ­չե­լի ու յար­մա­րա­ւէտ մի­ջա­վայ­րի ա­պա­հով­ման մի­տող ծրա­գի­րի մաս­նա­կիցն ու գոր­ծըն­կե­րը դար­ձան ո՛չ միայն շա­հագր­գիռ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, այ­լեւ մաս­նա­ւոր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը: Այս մա­սին կը յայտ­նէ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թիւ­նը:
Ծ­րա­գի­րի մեկ­նար­կէն մին­չեւ օրս մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ ար­դէն կա­ռու­ցո­ւած է շուրջ 1600 թե­քա­հար­թակ: Ե­րե­ւա­նի հա­մա­չափ զար­գաց­ման պա­րու­նա­կին մէջ այս ծրա­գի­րը կ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւի նաեւ մայ­րա­քա­ղա­քի տար­բեր վար­չա­կան շրջան­նե­րուն մէջ: Ա­ւե­լի՛ն, քա­ղա­քա­շի­նա­կան ո­րե­ւէ նոր ծրա­գիր ի­րա­կա­նաց­նե­լու ա­տեն մատ­չե­լիու­թեան ա­պա­հո­վու­մը, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ, որ­պէս պար­տա­դիր պայ­ման ճշդո­ւած է: