Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ֆրան­սա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան Յու­լիս 2 թո­ւա­կիր շրջա­բե­րա­կա­նը հա­յերը մտա­հո­գող բո­վան­դա­կու­թիւն ու­նի: Փաս­տա­թուղ­թը, որ ղրկո­ւած է նա­հան­գա­պետ­ե­րուն, շրջա­նա­յին բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն, ստո­րագ­րո­ւած է ար­տա­քին գոր­ծոց եւ մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման նա­խա­րար Լօ­ռան Ֆա­պիիւ­սի եւ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Պեր­նար Գազ­նէօ­վի կող­մէ: Շր­ջա­բե­րա­կա­նին մէջ կ­՚ը­սո­ւի, թէ «ֆրան­սա­կան տա­րած­քա­յին ո­րոշ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ (collectivités territoriales) վեր­ջին ա­միս­նե­րուն գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րեր կնքած են ֆրան­սա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ճա­նա­չում չգտած միա­ւոր­նե­րու հետ»:

Կը նշո­ւի նաեւ, թէ ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ օ­րէնսդ­րա­կան գետ­նի վրայ կը պար­տադ­րէ հե­տե­ւեալ կէ­տե­րը.-

–Գոր­ծակ­ցու­թեան ո­րե­ւէ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն պէտք է յար­գէ Ֆ­րան­սա­յի մի­ջազ­գա­յին յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը,

–Յատ­կա­պէս տե­ղա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը, բա­ցի այն պա­րա­գա­նե­րէն, ո­րոնք նա­խա­տե­սո­ւած են օ­րէն­քով,՝ չեն կրնար գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր կնքել օ­տար երկ­րի մը հետ, կամ ալ այն միա­ւոր­նե­րուն հետ, ո­րոնք չեն ճանչ­ցուած ֆրան­սա­կան պե­տու­թեան կող­մէ, ինչ­պէս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը կամ Ղ­րի­մը, կամ ալ միա­ւոր­նե­րու հետ, ո­րոնք կը ներ­կա­յա­նան որ­պէս ի­րենց տա­րած­քա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը,

–Հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը պար­տին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցել Ազ­գա­յին Յանձ­նա­ժո­ղո­վին՝ ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ գոր­ծակ­ցու­թեան գծով ար­տա­քին աշ­խար­հի հետ ի­րենց նա­խա­ձեռ­նած քայ­լե­րուն մա­սին: