Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յու­լիս 29ին, ժա­մը 10:00ին, Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. Ա­ճա­ռեա­նի ա­նո­ւան լե­զո­ւի ու­սում­նա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ Հ.Հ. Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի նիս­տե­րու դահ­լի­ճին մէջ մեկ­նար­կեց «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման խնդիր­ներ» թե­մա­յով հա­մա­ժո­ղո­վը, որ իր աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կէ Յու­լիս 30ին, ժա­մը 9:30ին (հաս­ցէն` Մար­շալ Բաղ­րա­մեան 24): Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի գրա­սե­նեա­կը։ Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ Յա­կո­բեան: Հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն ող­ջու­նե­ցին Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. նա­խա­գահ Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեան եւ Հ.Հ. լե­զո­ւի տես­չու­թեան պետ Սեր­գօ Ե­րի­ցեան: «­Հա­յոց լե­զո­ւի առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նից 100 տա­րի անց» զե­կու­ցու­մով հան­դէս պի­տի գայ Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. Ա­ճա­ռեա­նի ա­նո­ւան լե­զո­ւի ու­սում­նա­րա­նի տնօ­րէն Վիք­թոր Կա­տո­ւա­լեան:

Զե­կու­ցում­նե­րով հան­դէս պի­տի գան Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի ա­նո­ւա­նի լե­զո­ւա­բան­ներ, գրա­կա­նա­գէտ­ներ, ո­լոր­տի այլ մաս­նա­գէտ­ներ: