Հայաստանի, Եւրոպայի, Ռուսաստանի Դաշնութեան բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ ծածանած 100 մեթր երկայնքով Հայոց Եռագոյնը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, պիտի ծածանի նաեւ Արարատի գագաթին: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.amի, կը յայտնէ «Տիգրան Մեծ» Բարեգործական Հիմնադրամի նախագահ, նախաձեռնութեան հեղինակ Սրապիոն Գէորգեան` Արարատի մատոյցներէն:
Միաժամանակ, Արարատի գագաթին Գագիկ Գինոսեանի գլխաւորութեամբ շուրջպար պիտի բռնէ «Կարին» պարախումբը: Տուեալ պահուն ուխտագնացութեամբ Արեւմտեան Հայաստան մեկնած հայորդիներու խումբը կը յաղթահարէ Արարատ լերան 5165 մեթր բարձրունքը: