Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Պա­քո­ւի մէջ կա­յա­ցած Եւ­րո­պա­կան Խա­ղե­րու ա­ւար­տէն ետք, ղա­րա­բա­ղեան­–ատրպէյ­ճա­նա­կան շփման գի­ծին վրայ, զի­նա­դա­դա­րի դրու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կան խախ­տում­ներ սպա­սե­լի են հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ: «­Փա­նո­րա­մա»ի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին այս մա­սին յայտ­նած է Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի խորհր­դա­կան Դա­ւիթ Ջա­մա­լեան: «Ս­պա­սե­լի էր, ադր­բե­ջա­նա­կան կող­մը կրկին ա­պա­կա­յու­նաց­նե­լու է ի­րա­վի­ճա­կը պե­տա­կան սահ­մա­նին վրայ: Բայց բնա­կա­նա­բար, Հա­յաս­տա­նի Զի­նո­ւած Ու­ժե­րը պատ­րաստ են նման զար­գա­ցում­նե­րի»,- ա­ւել­ցու­ցած է Ջա­մա­լեան: Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ ին­չո՞վ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ տար­բեր չա­փի ա­կա­նա­նե­տե­րու կի­րա­ռու­մը՝ Ջա­մա­լեան նկա­տել տո­ւած է, որ ա­տի­կա կը վկա­յէ սահ­մա­նա­յին լա­րո­ւա­ծու­թեան նոր ո­րա­կի մա­սին։ «­Հայ­կա­կան կող­մը հրա­դա­դա­րի հաս­տա­տու­մից ի վեր սկզբուն­քօ­րէն ձեռն­պահ է մնա­ցել խո­շոր տրա­մա­չա­փի զի­նա­տե­սակ­ներ կի­րա­ռե­լուց: Բայց ե­թէ թշնա­մին գնա­ցել է այդ քայ­լին, ա­պա բնա­կա­նա­բար մեր դիր­քա­պահ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը չեն կա­րող պա­սիւ դի­տոր­դի դե­րում մնալ:

Ն­շեմ, որ վեր­ջին մէկ տա­րո­ւայ ըն­թաց­քում հայ­կա­կան բա­նա­կի ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րի դի­պուկ կրա­կով հա­կա­ռա­կոր­դի մի քա­նի ա­կա­նա­նե­տա­յին դիրք է ոչնչա­ցո­ւել: Ե­թէ մեր այդ հա­կընդ­դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը չլի­նեն, ա­պա պե­տա­կան սահ­մա­նին վրայ ի­րա­վի­ճա­կը շատ ա­ւե­լի կը լա­րո­ւի, քան­զի թշնա­մին ի­րեն ան­պատ­ժե­լի կը զգայ, եւ է՛լ ա­ւե­լի սան­ձար­ձակ կը դառ­նայ»,- ա­ւել­ցու­ցած է պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի խորհր­դա­կա­նը:

Ըստ ա­նոր՝ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րա­կու­թիւ­նը եւ թէ՛, ա­ռա­ւել եւս, հայ­կա­կան բա­նա­կը պէտք է պատ­րաստ ըլ­լան սահ­մա­նին վրայ լա­րո­ւա­ծու­թեան ա­ճին:

«Ե­ղել եմ եւ մնում եմ այն տե­սա­կէ­տին, որ չի կա­րե­լի յա­նի­րա­ւի հանգս­տաց­նել մարդ­կանց: Այդ ա­ռու­մով ոչ միայն բա­նակն, այ­լեւ մեր հան­րու­թիւ­նը պէտք է պատ­րաստ լի­նի պե­տա­կան սահ­մա­նին լա­րո­ւա­ծու­թեան նոր փու­լին: Պէտք է ի նկա­տի ու­նե­նալ, որ թշնա­մու ծա­ւա­լուն յար­ձա­կու­մը հնա­րա­ւոր է միայն այն դէպ­քում, ե­թէ մենք թու­լա­նանք, ըն­կա­լո­ւենք որ­պէս մատ­չե­լի թի­րախ: Իսկ սահ­մա­նին ի­րա­վի­ճա­կի ա­պա­կա­յու­նաց­մանն ու ըստ այդմ՝ թշնա­մու ագ­րե­սիա­յին դի­մա­կա­յե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնն ադր­բե­ջա­նա­կան կող­մի յար­ձա­կո­ղա­կան նկրտում­նե­րը զսպող կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծօն է: Վս­տահ եմ, որ ան­ցեալ Օ­գոս­տո­սին մեր հա­սա­րա­կու­թեան հա­մախմբ­ման փաս­տը, կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րի այ­ցը մար­տա­կան յե­նա­կէ­տեր անն­կատ չի մնա­ցել Բաք­ւում, եւ իր սթա­փեց­նող ազ­դե­ցու­թիւնն ու­նե­ցել է: Յե­տայ­սու նոյն­պէս թշնա­մուն հար­կա­ւոր է պար­բե­րա­բար սթա­փեց­նել՝ ար­ժա­նա­պա­տիւ եւ յու­սա­լի խա­ղա­ղու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու հա­մար»,- յայտ­նած է Ջա­մա­լեան։