Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տութեան նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան Յու­լիս 24ին այ­ցե­լեց Մար­տա­կեր­տի շրջա­նի Նոր Սէյ­սու­լան գիւ­ղը: Բ. Սա­հա­կեան ա­ռա­ջին հեր­թին ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի նա­հա­տա­կո­ւած­նե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շար­ձա­նին: Այ­նու­հե­տեւ նա­խա­գահ Սա­հա­կեան մաս­նակ­ ցե­ցաւ գիւ­ղի նոր ման­կա­պար­տէ­զի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան: Նա­խա­գա­հը նշեց, որ գիւ­ղա­կան բնա­կա­վայ­րե­րու մէջ նա­խադպ­րո­ցա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ցան­ցի ընդ­լայ­նու­մը կը հան­դի­սա­նայ պե­տու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րէն մէ­կը եւ, այ­սու­հե­տեւ, ջանք պի­տի չխնա­յո­ւի Ար­ցա­խի գիւ­ղե­րուն մէջ ժա­մա­նա­կա­կից պայ­ման­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան ման­կա­պար­տէզ­ներ հիմ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Բա­կօ Սա­հա­կեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց նաեւ ռու­սաս­տա­նաբնակ բա­րե­րար Վա­հագն Խա­չատ­րեա­նին` ման­կա­պար­տէ­զի բա­րե­րա­րու­թիւ­նը ստանձ­նե­լու հա­մար։