Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ներ­կա­յու­թեամբ, սահ­մա­նա­մերձ Վե­րին Կար­միր Աղ­բիւր շրջա­նին մէջ, բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւած է 80 ե­րե­խա­յի հա­մար նա­խագ­ծո­ւած ման­կամ­սուր–­ման­կա­պար­տէ­զին: Շր­ջա­նի ե­րե­խա­նե­րը մին­չեւ օրս կը յա­ճա­խէին 1923ին կա­ռու­ցո­ւած փայ­տա­շէն ման­կա­պար­տէզ: 1991ին սկսած է նոր ման­կա­պար­տէ­զի շէն­քին շի­նա­րա­րու­թիւ­նը, որ մնա­ցած էր ա­նա­ւարտ: Ա­նա­ւարտ այդ շի­նու­թեան հի­ման վրայ կա­տարուած են նոր ման­կա­պար­տէ­զի շէն­քի վե­րա­կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը: Ծ­րա­գի­րի շի­նա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր ար­ժէ­քը կազ­մած է 119,8 մի­լիոն դրամ: Ման­կա­պար­տէ­զին յատ­կա­ցո­ւած է նաեւ 5,2 մի­լիոն դրամ ար­ժո­ղու­թեամբ գոյք՝ երկ­յար­կա­նի մահ­ճա­կալ­ներ, սե­ղան­ներ, ա­թոռ­ներ, պա­հա­րան­ներ եւ այլն: Մին­չեւ նոր ման­կա­պար­տէ­զի շէն­քի վե­րա­կա­ռու­ցու­մը ման­կա­պար­տէզ կը յա­ճա­խէր 35 ե­րե­խայ: Շէն­քի վե­րա­կա­ռուց­ման իբ­րեւ ար­դիւնք, այս հաս­տա­տու­թիւ­նը կրնան յա­ճա­խել 71 մա­նուկ­ներ։ Տա­ւու­շի մար­զի Չո­րա­թան շրջա­նին մէջ, նա­խա­գա­հը այ­ցե­լած է «­Տա­ւուշ Տեքս­տիլ» ըն­կե­րու­թեան գոր­ծա­րա­նա­յին ար­տադ­րա­մա­սը, ծա­նօ­թա­ցած՝ գոր­ծարկ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն, ու­սում­նա­կան-մեկ­նար­կա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ըն­կե­րու­թեան զար­գաց­ման հե­տա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն:

«­Տա­ւուշ Տեքս­տիլ»ը հիմ­նադ­րո­ւած է այս տա­րո­ւան Փետ­րո­ւա­րին՝ ռու­սաբ­նակ գոր­ծա­րար Սու­րէն Ե­րի­ցեա­նի կող­մէ: Ըն­կե­րու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ ար­տադ­րել տար­բեր տե­սա­կի՝ գիւ­ղատն­տե­սա­կան, շի­նա­րա­րա­կան, ցրտա­հա­րու­թեան դէմ եւ չքայ­քա­յո­ւող ձեռ­նոց­ներ: Ըն­կե­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ ար­տադ­րու­թիւ­նը պի­տի ար­տա­ծո­ւի Ռու­սիա եւ Պե­լո­ռուս։ Ներ­կա­յիս օ­րա­կան դրու­թեամբ կ­՛ար­տադ­րո­ւի 16.000 զոյգ ձեռ­նոց: Չո­րա­թա­նի մէջ ար­դէն ստեղ­ծո­ւած է 50 աշ­խա­տա­տեղ՝ 100.000 դրամ մի­ջին ամ­սա­կան աշ­խա­տա­վար­ձով:

«­Տա­ւուշ Տեքս­տիլ»ը կը նա­խա­տե­սէ յա­ռա­ջի­կայ 5 տա­րի­նե­րուն ստեղ­ծել շուրջ 2000 աշ­խա­տա­տեղ եւ կա­տա­րել շուրջ 40 մի­լիոն տո­լա­րի ներդ­րում, ո­րուն շուրջ 5 մի­լիոն տո­լա­րը՝ 2015-2016 թո­ւա­կան­նե­րուն: