Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջի­նէն մին­չեւ 7րդ գ­լուխ­նե­րու նա­խա­գի­ծին առն­չու­թեամբ, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ Մար­գա­րեան, «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցի մը մէջ, յայ­տա­րա­րած է.-«­Մենք տա­կա­ւին կը քննար­կենք ա­տի­կա, ա­ռան­ձին հա­տո­ւած­ նե­րու, պար­բե­րու­թիւն­նե­րու, ձե­ւա­կեր­պում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ մենք խնդիր­ներ ու­նինք, բայց հիմ­նա­կա­նին մէջ, սկզբուն­քա­յին ա­ռու­մով, ա­յո՛, կը հա­ւա­տանք, որ մեր տե­սա­կէ­տը յաղ­թած է»:

Սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­մէն ետք, ընդ­դի­մա­դիր Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յաց­նող ա­մէ­նէն գոր­ծուն ու­ժե­րէն էր: Ըստ Հ­րանդ Մար­գա­րեա­նի՝ հա­յե­ցա­կար­գէն նա­խա­գիծ դառ­նա­լու ըն­թաց­քին, Դաշ­նակ­ցու­թեան սկզբուն­քա­յին ա­ռա­ջարկ­նե­րը ըն­դու­նո­ւած են:

Սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու հա­յե­ցա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ Հ.Յ.Դ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցած ա­ռա­ջարկ­նե­րուն մէջ գրո­ւած է.-«­Պէտք է բա­ցա­ռել Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին մէջ ար­հես­տա­կան մե­ծա­մաս­նու­թեան ձե­ւա­ւո­րու­մը, օ­րի­նակ` ընտ­րա­կան հա­մա­կար­գով ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ նա­խա­տե­սե­լու տար­բե­րա­կը»:

Նա­խա­գա­հին կից սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բին մշա­կած նա­խա­գի­ծին մէջ, կը խօ­սո­ւի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին մէջ կա­յուն մե­ծա­մաս­նու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին, ընդ ո­րում՝ ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նին չձե­ւա­ւորո­ւե­լու պա­րա­գա­յին, երկ­րորդ հանգ­րո­ւան կը նա­խա­տե­սո­ւի:

Այս ձե­ւա­կեր­պու­մը ար­դեօք չի՞ հա­կա­սեր Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջար­կին, հար­ցու­մին՝ Հ. Մար­գա­րեան պա­տաս­խա­նած է.-«Ո՛չ, չի հա­կա­սեր: Կա­յու­նը չի նշա­նա­կեր ար­հես­տա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւն: Ա­ւե­լի՛ն, կը խոր­հիմ, որ այս ձե­ւա­կեր­պու­մը կը բա­ցա­ռէ ո­րե­ւէ ու­ժի միա­հե­ծան ղե­կա­վար­ման յա­ւակ­նու­թիւ­նը: Կա­յու­նը կը նշա­նա­կէ, որ ըստ էու­թեան, սկզբուն­քը նոյ­նը կը մնայ, այ­սինքն` հա­մա­ձայ­նա­կան դա­շինք­նե­րու կազ­մու­թեան կա­րե­լիու­թիւն կը ստեղ­ծո­ւի: Ե­թէ երկ­րորդ հանգ­րո­ւա­նը ան­պա­տե­հու­թիւն ու­նի, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­տի­կա ան­պա­տե­հու­թիւն է այն ու­ժին հա­մար, որ հա­մե­մա­տա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւն բե­րած է, այ­սինքն` 45 առ հա­րիւր, 40 առ հա­րիւր բե­րած է, ո­րով­հե­տեւ ա­տի­կա կրնայ պատ­ճառ դառ­նալ, որ միւս բո­լո­րը կա­րե­նան հա­մախմ­բո­ւիլ, մէկ ցու­ցա­կով եր­թալ եւ սեւ ու սպի­տա­կի ընտ­րու­թեան վե­րա­ծո­ւի:

Շատ հա­ւա­նա­կան է, որ յաղ­թա­նա­կը եր­թայ այս­պէս ը­սո­ւած ընդ­դի­մու­թեան: Այ­սինքն` կ­՛ու­զեմ ը­սել, որ եր­բեք կա­յու­նը մտա­հո­գիչ չէ, կա­յու­նը երկ­րին հա­մար նոյ­նիսկ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է, կա­րե­ւոր է, որ այդ կա­յու­նու­թիւ­նը ըլ­լա՛յ»: