Հանդիպման սկիզբը Վ. Բալայեան միութեան ներկայացուցիչներուն ծանօթացուցած է Արցախի պատմութիւնը, իսկ այնուհետեւ անդրադարձած է երկրի ներկայի տնտեսական եւ քաղաքական զարգացումներուն ու հեռանկարներուն:
Ստանալով ամփոփ տեղեկութիւն Արցախի մասին` երիտասարդները Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահին հարցումներ ուղղելու կարելիութիւն ունեցած են:
Անոնք հիմնականին մէջ հետաքրքրուած են երկրի ներքին եւ արտաքին կեանքին վերաբերող տարաբնոյթ նիւթերով, ինչպէս նաեւ զինադադարին առնչութեամբ համաձայնագիրի կնքումէն ի վեր սահմանին վրայ տիրող իրավիճակով:
Բալայեան նշած է, որ Արցախի խաղաղութեան միակ երաշխաւորները հայոց բանակն ու հայ զինուորն են, որոնք պատրաստ են համարժէք պատասխան տալու պետական սահմանը խախտել փորձող իւրաքանչիւր անձի: Հանդիպման ընթացքին Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահը կարեւոր նկատած է սփիւռքահայ երիտասարդութեան դերը հայրենադարձութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի ճանաչման հոլովոյթին մէջ: