-
Details
-
Category: Հայաստան-Արցախ
-

Հայաստանի մէջ պիտի վերանորոգուի Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշահամալիրը: Համապատասխան որոշումը կառավարութիւնը կայացուցած է Յուլիս 23ին տեղի ունեցած իր նիստի ընթացքին: Վերանորոգման աշխատանքները պիտի համակարգէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Այդ նպատակով այս տարի պիտի յատկացուի 35 միլիոն դրամ: Յուշահամալիրի հետ միասին պիտի վերանորոգուի նաեւ մուսալեռցիներու հերոսամարտի ազգագրութեան թանգարանը: Մուսա Լերան հերոսամարտի 100ամեակին առթիւ Սեպտեմբերին շարք մը մշակութային ձեռնարկներ նախատեսուած են: Մուսալեռցիներու ինքնապաշտպանութիւնը տեղի ունեցած է 1915 թուականին, երբ Մուսա լերան հայկական գիւղերու բնակչութիւնը հրաժարած է ենթարկուելէ հայերու տեղահանման -եւ ճամբու ընթացքին բնաջնջման -վերաբերեալ թրքական իշխանութեանց որոշումին եւ 53 օր, առանց դուրսի որեւէ օգնութեան, ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպած օսմանեան կանոնաւոր զօրքերու դէմ: Ի վերջոյ, մուսալեռցիներուն օգնութեան հասած են ֆրանսական նաւերը, որոնք զանոնք տեղափոխած են Եգիպտոս: