Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան Յու­լիս 22ին այ­ցե­լած է Քա­շա­թա­ղի շրջան եւ տեղ­ւոյն վրայ ծա­նօ­թա­ցած Հա­գա­րի ու Ա­ղաւ­նոյ գե­տե­րու միա­խառն­ման տե­ղը կա­ռու­ցո­ւող նոր ջրամ­բա­րի աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Սա­հա­կեան կա­րե­ւո­րած է ջրամ­բա­րի նշա­նա­կու­թիւ­նը շրջա­նի գիւ­ղատն­տե­սու­թեան զար­գաց­ման հա­մար` ա­ւելցը­նե­լով, որ ա­նոր շա­հա­գոր­ծու­մը պի­տի նպաս­տէ ո­ռո­գե­լի տա­րածք­նե­րու ընդ­լայն­ման ու ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան ար­տադ­րու­թեան բարձ­րաց­ման:

Բա­կօ Սա­հա­կեան նշած է, որ Քա­շա­թա­ղի շրջա­նը ու­նի ջրա­յին լուրջ պա­շար­ներ եւ, այ­սու­հե­տեւ, պե­տու­թիւ­նը յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն պի­տի դարձ­նէ ա­նոնց օգ­տա­գործ­ման` հե­տե­ւե­լով շրջա­կայ մի­ջա­վայ­րի պահ­պան­ման բո­լոր չա­փո­րո­շիչ­նե­րուն: