Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լի­բա­նա­նա­հայ  ա­րո­ւես­տա­գէտ եւ հա­ւա­քորդ Յա­րու­թիւն Թո­րո­սեան Ար­ցա­խի պե­տա­կան պատ­մաերկ­րա­գի­տա­կան թան­գա­րա­նին նո­ւի­րեց հայ­կա­կան դրամ­նե­րու իր հա­ւա­քա­ծոն, ինչ­պէս նաեւ՝ Տիգ­րան Մե­ծի մա­տա­նիի ա­գա­թէ քա­րը՝ ար­քա­յի դի­մա­քան­դա­կով: Հա­ւա­քա­ծոն, որ բաղ­կա­ցած է  հին  մե­տա­ղադ­րամ­նե­րու եւ թղթադ­րամ­նե­րու 168 նմուշ­նե­րէ,  կ­’ընդգր­կէ հա­զո­ւա­գիւտ դրամ­ներ, մաս­նա­ւո­րա­պէս Տիգ­րան Մե­ծի, Ար­տա­ւազդ Երկ­րոր­դի եւ Կի­լի­կեան թա­գա­ւո­րու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու: Հա­ւա­քա­ծո­յի յանձն­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ու  ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցան 2015թ. Յու­լիս 18ին: Մի­ջո­ցառ­ման մաս­նակ­ցե­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան, ինչ­պէս նաեւ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­ներ: Յա­րու­թիւն Թո­րո­սեան ծնած է 1933թ. Պէյ­րու­թի մէջ: Յա­ճա­խած է Փա­րի­զի Ազ­գա­յին Բարձ­րա­գոյն Գե­ղա­րո­ւես­տի Դպ­րո­ցը, այ­նու­հե­տեւ` Ժիւ­լե­նի Ա­կա­դե­միան: Կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ գե­ղան­կար­չու­թեան եւ քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան ժան­րեր, ա­նոր աշ­խա­տանք­նե­րը տեղ գտած են Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ: