Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տան այ­ցե­լած Մինս­քի Խում­բի ա­մե­րի­կա­ցի, ռուս եւ ֆրան­սա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը տե­սակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցած էին հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին հետ:
Հ.Հ. նա­խա­գա­հու­թեան մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը խու­սա­փած է ըն­դար­ձակ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տա­լէ, այլ՝ գո­հա­ցած է ը­սե­լով, թէ խօ­սա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են հա­կա­մար­տու­թեան ներ­կայ փու­

լին մտա­հո­գու­թիւն պատ­ճա­ռող հար­ցե­րուն:

Իսկ ար­տա­քին գոր­ծոց մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը յայտ­նած է, թէ բա­նագ­նաց­նե­րը նա­խա­րա­րին ներ­կա­յա­ցու­ցած են Ո­ւա­շինկ­թը­նի եւ Մոս­կո­ւա­յի մէջ ի­րենց ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մին­չեւ տա­րե­վերջ ի­րենց նա­խա­տե­սած ծրա­գիր­նե­րը: Էդ. Նալ­բան­դեան հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րած է Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րուն վրայ, ո­րոնք հետզ­հե­տէ սաստ­կա­ցած են Պա­քո­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Եւ­րո­պա­կան Խա­ղե­րու ա­ւար­տէն ի վեր: Նալ­բան­դեան ա­ւել­ցու­ցած է, թէ Պա­քո­ւի այս ոչ-շի­նիչ կե­ցո­ւած­քը կը սպառ­նայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը վերսկ­սե­լու գծով հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու գոր­ծադ­րած ջան­քե­րուն: 
­Միւս կող­մէ, ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ո­ւոր­լի­քի «գրա­ւեալ հո­ղա­տա­րածք­նե­րը» վե­րա­դարձ­նե­լու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն ետք, այս ան­գամ ալ «­Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան կամ­քին ա­զատ ար­տա­յայ­տու­թեան ի­րա­ւունք»ին մա­սին կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւած է: Ան ա­ւել­ցու­ցած է, թէ ա­ռանց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կը ճշդե­լու՝ ան­կա­րե­լի կ­՚ըլ­լայ ամ­բող­ջա­կան լու­ծու­մի յան­գիլ: Երբ ի­րեն յղո­ւած է «գրա­ւեալ հո­ղա­տա­րածք­նե­րը» վե­րա­դարձ­նե­լու մա­սին հար­ցում մը, Ո­ւոր­լիք պա­տաս­խա­նած է, թէ այդ կէ­տը Մատ­րի­տեան Սկզ­բունք­նե­րէն մէկն էր եւ մաս կը կազ­մէր ամ­բող­ջա­կան լու­ծու­մի ծրա­րին: Ըստ ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տին «­Հա­յաս­տան պի­տի չըն­դու­նի վե­րա­դարձ­նել հո­ղա­տա­րածք­ներ, այն­քան ա­տեն որ ա­պա­հո­վու­թեան գո­հա­ցու­ցիչ ե­րաշ­խիք­ներ պի­տի չստա­նայ Ա­զէր­պայ­ճա­նէն»: Ըստ Ո­ւոր­լի­քի՝ այդ ե­րաշ­խիք­նե­րուն մաս կրնայ կազ­մել խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու հաս­տա­տու­մը հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիին մէջ:
Ն­շենք, որ Ե­րե­ւան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, ֆրան­սա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Փիէր Անտ­րիէօ ֆրան­սա­կան դես­պա­նա­տան մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է ար­տա­քին գոր­ծոց նախ­կին նա­խա­րար Վար­դան Օս­կա­նեա­նի հետ: