Յուլիս 21ին, նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ՝ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մաթիաս Քիսլեր:
Նախագահը շնորհաւորած է դեսպան Քիսլերը եւ յաջողութիւն մաղթած անոր` Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն իրականացնելու գործին մէջ, ընդգծելով, որ անոր համար գոյութիւն ունի ամուր հիմք եւ ստեղծուած են լաւ նախադրեալներ:
Ինչպէս կը յայտնէ նախագահի պաշտօնական կայքը, զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ Հայաստան եւ Գերմանիա ունին կայուն քաղաքական երկխօսութիւն, աշխուժօրէն կը զարգանան միջ-խորհրդարանական կապերը, կայ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները խորացնելու զգալի ներուժ, որուն ուղղութեամբ անհրաժեշտ է երկկողմանի ջանքեր ներդնել` նկատի առնելով նաեւ, որ Եւրոպական Միութեան երկիրներէն Գերմանիան ապրանքներու շրջանառութեան ծաւալներով, Հայաստանի առաջնային առեւտրական գործընկերներէն մէկն է:
Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ Հայաստանի զարգացման ուղղուած շարունակական աջակցութեան համար:
Հանդիպումի ընթացքին քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններէն բացի, երկուստեք կարեւոր նկատուած է նաեւ մշակութային, գիտակրթական, զինուորական եւ շարք մը այլ մարզերու մէջ գործակցութիւնը:
Հայաստանի նախագահը նաեւ բարձր գնահատած է Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուքի 23 Ապրիլի յայտարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ՝ անգամ մը եւս ընդգծելով, որ ատիկա զօրաւոր պետութեան մը զօրաւոր ղեկավարի համոզուած ելոյթ էր: