Ղարաբաղեան–ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ կրկին վիճակը անհանգիստ է: 21 Յուլիսին, ժամը 14:00էն սկսեալ, առաջնային գիծի արեւելեան (Մարտունիի եւ Ասկերանի) ուղղութեամբ, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 միլիմեթրնոց ականանետերէ ու «ՌՊԳ-7» տիպի նռնականետերէ կրակի տակ առած է հայկական դիրքերը: Լ.Ղ.Հ. պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները դիմած են պատասխան գործողութիւններու:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ կացութիւնը մնացած է լարուած։
«Շփման գծի ողջ երկարութեամբ, հայ դիրքապահները վստահօրէն իրականացնում են իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը եւ իրավիճակը պահում աչալուրջ վերահսկողութեան տակ: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարում է, որ առաջնային գծում ստեղծուած լարուածութեան ողջ պատասխանատուութիւնը կրում է ադրբեջանական կողմը»,- նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։