Յուլիս 20ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ, օրհնութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ 2014-2015 ի ուսումնական տարուան հանդիսաւոր փակումը: Այս մասին կը հաղորդէ Մայր Աթոռի տեղեկատուական գրասենեակը:
Միասնական Տէրունական աղօթքէն, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ճեմարանի օրհներգերէն յետոյ, 2014-2015 թթ. ուսումնական տարին ամփոփուեցաւ Մայր Աթոռի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ, Գէորգեան Ճեմարանի տեսուչ Գէորգ Եպիսկոպոս Սարոյեանի կողմէ: Իր խօսքին մէջ Գէորգ Սրբազան անդրադարձաւ անցնող տարուան ընթացքին Ճեմարանի մշակութային եւ քարոզչական, սոցիալական, գիտա-մանակավարժական գործունէութեան, տարբեր հոգեւոր հաստատութիւններու եւ Ճեմարանի, ինչպէս նաեւ միջ-համալսարանական համագործակցութեան, գրահրատարակչական հետազօտութիւններուն եւ «Սերմնացան» մատենաշարի արձանագրած յաջողութիւններուն:
Ճեմարանին նկատմամբ հայրական հոգածութիւն ցուցաբերելու համար շնորհակալութիւն յայտնելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին` ան ըսաւ.- «Այս լոյսի ներքոյ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը հայ իրականութեան մէջ պէտք է լինի նաեւ այն անմատոյց ամրոցն ու լուսաւոր փարոսը, որ անաղարտ կը պահի հայագիտութեան դարաւոր աւանդները եւ մշտավառ լուսաւորչեան կանթեղը»:
Այնուհետեւ ասմունքով հանդէս եկան Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի առանձին սաներ, իսկ երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Հ.Հ. արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ռուբէն Ասատրեանի, կատարեց հոգեւոր եւ ազգային երգեր: Ցերեկոյթը եզրափակուեցաւ Տաթեւ Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի խօսքով: Սրբազանը, ներկաներուն փոխանցելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնը, գնահատանք յայտնեց Ճեմարանի տեսչական եւ դասախօսական անձնակազմի հոգեւոր եւ աշխարհիկ ներկայացուցիչներուն անցնող տարուան ներդրած ջանքերուն եւ կատարած աշխատանքներուն համար:
Դիմելով Ճեմարանի 26 շրջանաւարտ սարկաւագներուն` Տաթեւ Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ նուիրեալ հոգեւորականի կերպարին եւ մաղթեց, որ իրենց առաքելութեան ընթացքին Աստուծոյ կողմէ տրուած շնորհները ծառայասիրութեան ոգիով առատօրէն բաշխեն մարդոց:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ Հայրապետական մաղթերգով: