Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Եր­կու­շաբ­թի՝ 20 Յու­լի­սին, Հ.Հ. նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Ե­րե­ւա­նի մէջ, Եւ­րո­պա­կան Խորհուր­դի նա­խա­գահ Տո­նալտ Թաս­քի հետ մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ժա­մա­նակ, ը­սած է, որ Հա­յաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ սեր­տօ­րէն հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան (Ե.Մ.) հետ: Հ.Հ. նա­խա­գա­հը նշած է, որ Տո­նալտ Թաս­քի

հետ այ­սօր կա­յա­ցած քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րո­ւած է, որ «Հ.Հ.-Ե.Մ. յա­րա­բե­րու­թիւ­նե­րը կը զար­գա­նան աշ­խոյժ կեր­պով»:

«Անդ­րա­դառ­նա­լով Մա­յի­սին կա­յա­ցած Ա­րե­ւե­լեան Գոր­ծըն­կե­րու­թեան չոր­րորդ գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վի ար­դիւնք­նե­րին, մենք նշե­ցինք, որ Ռի­կա­յում ամ­րագ­րո­ւեց տար­բե­րա­կո­ւած մօ­տեց­մամբ Եւ­րա­միու­թեան եւ գոր­ծըն­կեր երկր­նե­րի մի­ջեւ փոխ-շա­հա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ծա­ւա­լե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը: Լիա­յոյս եմ, որ ա­ռա­ջի­կա­յում կը մեկ­նար­կեն Հ.Հ.-Ե.Մ. նոր ի­րա­ւա­կան փաս­տաթղ­թի շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց յա­ջող ա­ւար­տը նոր էջ կը բա­ցի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րում»,- ը­սած է Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը:

Սերժ Սարգ­սեան շեշ­տած է, որ չի պատ­կե­րաց­ներ Հա­յաս­տա­նի զար­գա­ցու­մը ա­ռանց բա­րե­փո­խում­նե­րու եւ չի պատ­կե­րաց­ներ բա­րե­փո­խում­նե­րը` ա­ռանց եւ­րո­պա­կան փոր­ձի ու օգ­նու­թեան: Նա­խա­գա­հը, անդ­րա­դառ­նա­լով Լ.Ղ. կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին, նշած է, որ Ռի­կա­յի մէջ Մա­յի­սի 21-22ին տե­ղի ու­նե­ցած «Ա­րե­ւե­լեան Գոր­ծըն­կե­րու­թեան» գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տած են - Ե.Մ.ի կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ - ի­րենց լիա­կա­տար ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­կի Խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րուն եւ 2009էն ի վեր այդ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու մա­կար­դա­կով կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, ինչ որ եւս մէկ ան­գամ կը վկա­յէ լու­ծու­մը այլ հար­թակ­ներ տե­ղա­փո­խե­լու ջան­քե­րու ան­հե­ռան­կար ըլ­լա­լուն մա­սին:

«Որ­քան էլ Ատր­պէյ­ճա­նը փոր­ձի խե­ղա­թիւ­րել այդ հիմ­նախնդ­րի էու­թիւ­նը, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղովր­դի ա­զատ կա­մար­տա­յայ­տու­թեամբ իր ա­պա­գան ո­րո­շե­լու ի­րա­ւուն­քը վա­ղուց ար­դէն չի վի­ճարկ­ւում, ա­ւե­լին` այն ամ­րագ­րո­ւած է Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­կի Խմ­բի հա­մա­նա­խա­գա­հող­նե­րի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րում: Այդ գա­ղա­փա­րի հա­մա­տեքս­տում մենք պատ­րաստ ենք ա­ռաջ ըն­թա­նա­լու ող­ջա­միտ փոխ­զի­ջում­նե­րի ճա­նա­պար­հով»,- ընդգծած է Սերժ Սարգ­սեան:

«­Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հա­կա­մար­տու­թեան հետ կա­պո­ւած վեր­ջին բա­ցա­սա­կան մի­տում­նե­րը մտա­հո­գու­թեան տե­ղիք են տա­լիս: Այս հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւո­րու­մը նախ­կի­նի պէս ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն է մնում Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հա­մար»,- Հ.Հ. նա­խա­գա­հա­կան նստա­վայ­րին մէջ նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ հա­մա­տեղ ա­սու­լի­սի ժա­մա­նակ յայ­տա­րա­րած է Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տո­նալտ Թասք:

Ա­նոր խօս­քով, Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւ­նը կը սա­տա­րէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ուղղուած են հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման եւ կ­՛ի­րա­կա­նացուին Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­կի Խում­բի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ.- «­Մենք կը սա­տա­րենք հե­տա­գայ երկ­խօ­սու­թեան՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ, մաս­նա­ւո­րա­պէս ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով»:

«­Շատ կա­րե­ւոր է յար­գել հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, զսպո­ւա­ծու­թիւն դրսե­ւո­րել գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, ստեղ­ծել մթնո­լորտ, որ նպաս­տա­ւոր պի­տի ըլ­լայ հա­կա­մա­րա­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման յա­ռա­ջըն­թա­ցին հա­մար»,- ը­սած է Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տո­նալտ Թասք:

Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հը այ­ցե­լեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ

Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տո­նալտ Թասք այ­ցե­լեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շա­հա­մա­լիր, ծա­ղիկ դրաւ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին, ա­պա այ­ցե­լեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նարկ: Ռո­նալտ Թաս­քին կ­՛ու­ղեկ­ցէր Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ Նալ­պան­տեան: Տո­նալտ Թասք Հա­յաս­տա­նէն պի­տի մեկ­նի Վ­րաս­տան, իսկ Յու­լիս 22ին պի­տի ըլ­լայ Ատր­պէյ­ճան: