Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մը բնա­կա­րան­ներ նո­ւի­րա­բե­րած է ­Գիւմ­րիի ա­նօ­թե­ւան կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րուն: 2014 թուա­կա­նին մեկ­նար­կած ծրա­գի­րին ծի­րէն ներս գնո­ւած է 17 բնա­կա­րան. 12 ըն­տա­նիք ար­դէն նշած է նո­րա­մու­տը: Բ­նա­կա­րան­նե­րը բա­րե­նո­րոգ են, կա­հա­ւո­րո­ւած եւ յա­գե­ցած անհ­րա­ժեշտ սար­քե­րով:
Բ­նա­կա­րան­նե­րը ձեռք բե­րո­ւած են 2014թ. ­Սեպ­տեմ­բեր 7ին Ա.Մ.Ն.ի մէջ ARTN Shant հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան հետ հա­մա­տեղ ի­րա­կա­նա­ցած հե­ռուս­տա­մա­րա­թօ­նի իբ­րեւ  ար­դիւնք հա­ւա­քո­ւած գու­մար­նե­րով: ­Նա­խա­ձեռ­նու­թեան ծի­րէն ներս բնա­կա­րան­ներ նո­ւի­րա­բե­րած են ան­հատ բա­րե­րար­ներ Անդ­րա­նիկ ­Պաղ­տա­սա­րեան, ­Վա­հէ ­Կա­րա­պե­տեան, Եա­րօ ­Ճոր­տըն, ­Հայկ ­Քե­լե­ճեան, ­Սա­մո­ւէլ ­Բա­լա­սա­նեան եւ ARTN Shant ըն­կե­րու­թիւ­նը:

­Հիմ­նադ­րա­մի ­Գեր­մա­նիա­յի տե­ղա­կան մար­մի­նի ա­տե­նա­պետ ­Ժիլ­պեր ­Մոմ­ճեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ծրա­գի­րին միա­ցած է նաեւ գեր­մա­նա­հայ հա­մայն­քը, ո­րուն հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րով բնա­կա­րան­ներ նո­ւի­րա­բե­րո­ւած են միայ­նակ մայ­րեր Ան­նա ­Սարգ­սեա­նի եւ ­Ռու­զան­նա Ե­ղո­յեա­նի ըն­տա­նիք­նե­րուն: ­Բո­լոր այս ըն­տա­նիք­նե­րը կ­՝ապ­րէին ծայ­րա­յեղ ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու մէջ` նկուղ­նե­րու կամ խար­խուլ տնակ­նե­րու եւ հան­րա­կա­ցա­րա­նի սե­նեակ­նե­րու` զուրկ կեն­ցա­ղա­յին տար­րա­կան պայ­ման­նե­րէ: ­Տա­րա­գիր ճա­կա­տա­գիր­նե­րով այս ըն­տա­նիք­նե­րը ար­դէն իսկ ու­նին սե­փա­կան կա­ցա­րան եւ կրնան յար­մա­րա­ւէտ պայ­ման­նե­րու մէջ մեծց­նել ի­րենց զա­ւակ­նե­րը: «Ա­մէն կերպ ջա­նում էի, որ ե­րե­խա­ներս սո­ված չմնան, բայց տուն ու­նե­նա­լու մա­սին նոյ­նիսկ չէի կա­րող ե­րա­զել»,- յու­զու­մը չթաքց­նե­լով` պատ­մած է միայ­նակ մայ­րե­րէն ­Ռու­զան­նան: