Ամերիկեան The Daily Beast պարբերականն ուշագրաւ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղին` պատմելով պատերազմական իրավիճակին մէջ ծաղկող ժողովրդավարութեան ու սահմանային լարուած իրավիճակի մասին,- կը գրէ Tert.am:
«Մայրամուտի վարդագոյն շողերը կ՛իջնեն խաղաղ Ստեփանակերտի վրայ, որ ժամանակին անխնայ ռմբակոծուած ու աւերուած է հայ-ատրպէյճանական պատերազմի ընթացքին: Թէեւ սահմանագիծին վրայ կրակոցները դեռ կը հնչեն, այնուհանդերձ ինքնահռչակ հանրապետութեան մայրաքաղաքը շատ խաղաղ է:
«Ստեփանակերտի մէջ տիրող հանդարտութիւնը նման է գերիրապաշտական (surrealistic) պատկերի` հաշուի առնելով Ղարաբաղի պատերազմական անցեալն ու ռազմականացուած ներկան:
«Կովկասի կանաչապատ լեռներուն մէջ ծուարած Ղարաբաղը Արեւմուտքի մէջ բնակող հայկական սփիւռքի ջանքերով կանգնած է ծաղկուն ժողովրդավարութեան ճանապարհին: Թէեւ անիկա կը նախընտրէ կրաւորական դիտորդի դեր ստանձնել բարդ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու հարցով, այնուհանդերձ Լ.Ղ. իշխանութիւնները կը գիտակցին, որ որեւէ քաղաքական անկայունութիւն ունակ է «արթնացնելու» Ատրպէյճանի հետ` շատոնց արդէն չննջող պատերազմը: Սակայն տեղացիները աւերիչ պատերազմի կրկնութիւնը չեն ցանկանար:
«Ուստի, վտանգներով լի յեղափոխութիւններէ խուսափելու համար, Ստեփանակերտ կ՛անցընէ արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ: Փաստացի, Ստեփանակերտը կ՛ապացուցէ, որ կրնայ յաջող պայքար մղել նաեւ յետխորհրդային բոլոր երկիրներուն յատուկ կաշառակերութեան ու կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ»,- կը գրէ յօդուածագիր Աննա Նեմցովա:
Հեղինակը կը նկատէ, որ ի տարբերութիւն Հայաստանի, ուր կաշառակերութիւնը շատ խոր արմատներ ունի, Լ.Ղ.ի մէջ գործարարներն ու ձեռնարկատէրերը գործնական առումով իրենց աւելի ապահով կը զգան:
«Ես փախայ Երեւանէն եւ գործարարութիւն հիմնեցի Ստեփանակերտի մէջ, ուր կաշառակերութիւնը կը բացակայի եւ ոչ ոք կրնայ ինծի ստիպել կաշառք վճարելու»,- կը մէջբերէ Նեմցովա Ստեփանակերտի մէջ գործող Florence Garden ճաշարանի տիրոջ` Դրօ Կարապետեանի խօսքերը:
«Հաճելիօրէն զարմացնող ժողովրդավարութեան ու կաշառակերութեան բացակայութեան թեմաներէն սահուն անցում կատարելով Լ.Ղ. հակամարտութեան ու սահմանային գօտիի լարուած իրավիճակին` յօդուածագիրը կը նշէ, որ թէեւ զինադադարէն 2 տասնամեակ անցած է, այնուհանդերձ սահմանին յաճախակի զոհեր կ՛ըլլան: «Միակ բանը, որ Լ.Ղ. բնակիչները չեն հասկնար, անիկա է, թէ ինչո՞ւ իրենց ընկեր Ռուսիան ահռելի խմբաքանակով զէնք կը վաճառէ Ատրպէյճանին: Ինքնահռչակ պետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի խօսքերով, իրենք այդքան ալ մեծ օգնութիւն չեն ստանար Ռուսիայէն: «Մեզ աւելի շատ ԱՄՆն կ՛օգնէ»,- պաշտօնեայի խօսքերով կ՛եզրափակէ հեղինակը»: